ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Յաջորդական 11րդ տարին ըլլալով, «Արարատ» տան մէջ Ապրիլ 11ին տեղի ունեցաւ հայոց պատմութեան նուիրուած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի աշակերտներ: Ձեռնարկը կազմկերպուած էին Յակոբ եւ Մարլին Արշակունիները, որոնք հարցումները կը պատրաստեն իրենց խմբագրած «Հայոց պատմութեան ժամանակագրութիւն» անգլերէն հատորին հիման վրայ:
Հայկական վարժարաններու 8րդ կարգի աշակերտներուն մասնակցութեամբ կայացած մրցումին առաջնութիւնը խլեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Յովսէփեան» վարժարանի խումբը (Լոռի Ճիկէրեան, Քաթրին Կիւմիւշեան, Կրէյս Խանլեան, Սեւակ Ռզեան)՝ ապահովելով 98 կէտ առաւելագոյն 100 կէտերէն: Վարժարանը այս յաղթանակին շնորհիւ ստացաւ 1000 տոլար մրցանակ մը:
750 տոլարի երկրորդ մրցանակին արժանացաւ ՀԲԸՄի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանը (Թիֆընի Բալաբեկեանց, Լորըն Քաֆատարեան, Մարք Մաթոսեան), իսկ 500 տոլարի երրորդ մրցանակին տիրացաւ Հայ քոյրերու վարժարանը (Իշխան Ամիրխանեան, Ռիթա Ղուկասեան, Նարեկ Խոտանեան, Ալեք Քիւրքճեան):
Մնացեալ վարժարանները ստացան 250 տոլար, իսկ բոլոր աշակրտները ստացան բաժակներ ու վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ այս տարուան զարգացման մրցումին համար պատրաստուած գաւաթներ եւ Հերըլտ Մկրուպեանի նուիրած Արարատ լերան կրծքանշանները:
Զարգացման մրցումին հանդիսավարն ու համակարգողն էր Յակոբ Արշակունին, իսկ պատասխանատուն՝ Թամար Պոյաճեանը, որոնց օժանդակեցին շարք մը կամաւորներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.