ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Նայիրի Նահապետեան որոշած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց համար ընտրապայքարը կասեցնել, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր անունը պիտի մնայ Յունիս 8 ընտրութեանց քուէաթղթիկին վրայ:
Նախնական ընտրութեանց քուէներուն 22 տոկոսը ապահոված Նահապետեանը այս որոշումը տուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի դեմոկրատ նախագահ Ճան Փերեզի եւ նախնական ընտրութեանց ամենամեծ թիւով քուէ ապահոված դեմոկրատ թեկնածու Մայք Կաթոյի հետ խորհրդակցելէ ետք:
Սակայն այլ դեմոկրատ թեկնածու մը՝ Շահէ Քէօրօղլեանը, որ ըստ քաղաքական մեկնաբաններու, տկարացուցած էր Նահապետեանի դիրքը՝ մասնատելով շրջանի հայութեան քուէն, որոշած է ընտրապայքարը շարունակել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.