ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՀԲԸՄի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտները, Մեծն Եղեռնի 95րդ տարելիցին նուիրուած գաղութի զանազան նախաձեռնութիւններուն շարքին, իրենք եւս «Նոր սերունդ-Նոր հորիզոն» խորագիրով ձեռարուեստի ցուցահանդէս մը կազմակերպած էին վարժարանի «Պոյաճեան» սրահին մէջ, Ապրիլ 11-17 ամբողջ շաբթուան տեւողութեան: Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարուած էր Կիրակի, Ապրիլ 11ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, վարժարանի բարերար ամոլին ու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Ցուցահանդէսի ծրագրման եւ իրականացման գործին մէջ մեծ բաժին ունեցած էր վարժարանի հայերէն լեզուի տարիներու վաստակաշատ ուսուցչուհի Լորա Գույումճեանը:
Շուրջ 83 երկսեռ աշակերտութեամբ հրամցուած այս ցուցահանդէսը, փոքր եւ հարազատ թանգարանի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ իւրաքանչիւր այցելուին վրայ: Համաձայն ուսուցչուհի Գույումճեանին, ցուցահանդէսը 3 ամիսներու վրայ երկարող անհատական եւ խմբային աշխտանքներու արդիւնքն էր, որուն գլխաւոր նպատակը եղած էր աշակերտին ծանօթացնել իր ժողովուրդի անցեալը եւ նոյն այդ ժողովուրդին դարաւոր մշակոյթը՝ իր բազմազան բնագաւառներով ու երանգներով:
Ցուցահանդէսը չորս գլխաւոր բաժանմունքներէ բաղկացած էր: Այսպէս, իրերայաջորդ կերպով, սրահին չորս պատերուն ու անոնց առջեւ զետեղուած փոքր ու մեծ սեղաններու վրայ մշակոյթ, ազատագրական պայքար, Եղեռն եւ վերածնունդ խորագիրներու տակ տեղ գրաւած էին ձեռային աշխատանքեր, գործեր, ձեռագործներ, զանազան գրութիւններ, քարտէսներ, պատմական դրօշակներ, հին ու նոր մանրատիպեր եւ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով հրամցուած ուսումնասիրութիւններ եւ ծանօթութիւններ, որոնք բոլորն ալ կը դրսեւորէին ցուցահանդէսի ընդհանուր միտքն ու գաղափարը, ու այցելուն կ՛առաջնորդէին դէպի հայու ինքնութեան փնտռտուք:
Մշակոյթի բաժինէն ներս, 42 աշակերտ-աշակերտուհիներ ցուցադրած էին հայոց պատմական մայրաքաղաքներու անուններով, հայ յախճապակեայ պատմականով, մեր թագաւորներով, պատմական դրօշակներով ու քարտէսներով, այցելուն կ՛առաջնորդէին դէպի իր արմատները:
Ապա երկրոդ մասը՝ Ազատագրական պայքարի բաժինը, որ 5 աշակերտներու աշխատանքին արդիւնքն էր, իրերայաջորդ կերպով կը ներկայացնէր քաղաքական մեր կուսակցութիւններու պատմականը, պատմական կարեւոր դաշնագիրները:
22 աշակերտներու ճիգով հրամցուած Վերածնունդի բաժինով կը հանդիպինք աշխարհի տարածքին ապրող հայերու, Մեծ Եղեռնին նուիրուած յուշարձաններու նկարներու, վայրերուն ու անոնց պատմականներուն. հոն նաեւ կը տեսնենք Ս. Ղազար վանքը, Հայկական եկեղեցիներն ու Էջմիածինը, Մեսրոպ Մաշտոցի պատգամները եւ վարժարանի բարերար Վաչէ Մանուկեան ամոլի նշանակալից նկարներն ու խօսքերը:
Վերջին բաժինով, 14 աշակերտներու աշխատանքով ներկայացուած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ գրեթէ իր ամբողջական պատկերով: Հոս տեղ գրաւած էին Եղեռնի մասին թուրք պատմիչներու վկայութիւնները, Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ գրագէտներն ու հեղինակները, ամերիկացի նախագահներու կողմէ Եղեռնի մասին կատարուած արտայայտութիւնները, Եղեռնի մասին գրող օտարալեզու հայ գրողները, մեր հերոսները՝ Թեհլիրեանը, Թորլաքեանը, Շիրակեանը, ինչպէս նաեւ Եղեռնի ընդարձակ քարտէսն ու այդ մասին տեղեկութիւնները:
Ասոնց կողքին, ձեռային իւրայատուկ աշխատանքներով հարստացած էր սրահը Երեւանի Եղեռնի յուշարձանի, Անիի եւ Ս. Հռիփսիմէ տաճարներու մանրատիպերով, հայկական խաչքարերով եւ ձեռագործներով, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ հին ու նոր նախագահներու գծանկարներով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով, խմորով պատրաստուած այբուբենով եւ Կոմիտասի դիմանկարով:
Տակաւին շատ աւելի երկար է շարքը ստեղծագործ միտքերու եւ մատներու արդիւնք հանդիսացող ստեղծագործութիւններուն: Ոեւէ այցելու, անկասկած, որ աւելի մօտէն պիտի կարենար ծանօթանալ իր ժողովուրդի փառքին, հերոսներուն ու մշակոյթին, եւ ինքզինք պիտի գտնէր այս բոլորին մէջ:
Հայ վարժարան յաճախող հայ աշակերտներու քրտինքով ու ճիգով հրամցուած այս ցուցահանդէսին յաջողութեան մէջ մեծ ու ակնյատ էր հայ ուսուցչուհիին վաստակը:
Հպարտալի աշխատանք էր: Ցուցահանդէսին նպատակը բոլորիս սրտին խօսեցաւ: Հոն կար շունչ, կար նկարագիր:
Թելադրելի էր, որ հայկական երկրորդական վարժարաններու բոլոր աշակերտները գոնէ անգամուան մը համար այցելէին այս ցուցահանդէսը, որովհետեւ հոն հրամցուածները մեր ինքնութեան հետ կապ ունին եւ, միեւնոյն ժամանակ, թարգմանը կը հանդիսանան մեր մտահոգութիւններուն:
Գործերուն արժեւորումը կախեալ է դիտողին աչքէն եւ միտքէն, սակայն կը կարծեմ, թէ հրամցուածներուն մէջ արուսետագէտի շնորհներ ունեցողներուն թիւը բաւական մեծ էր:
Ինծի համար հպարտալի է, երբ հայ աշակերտը կը ներկայացնէ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, իր հարազատ աչքերով ու բառերով: Հպարտալի է նաեւ, երբ նոյն աշակերտին մօտ բացայայտուած կը տեսնեմ ազգային ոգիի խմորումը: Այս ցուցահանդէսը իսկապէ՛ս յաջողած էր հայկական արժէքներ փոխանցելու միտումին եւ հին ու նոր սերունդներուն միջեւ նոր հորիզոններ կերտելու իր առաջադրութեան մէջ:
Վարձքը կատար բոլորին: