ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 29ին ընդունած է նոյն օրը Արցախ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի լրատուական բաժնին տուած տեղեկութիւններով, նախագահ Սահակեան շնորհաւորած է Իկոր Փոփովը՝ նոր պաշտօնի նշանակման առիթով եւ անոր մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Կողմերը կարեւոր համարած են Մինսկի խումբի ծիրէն ներս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի մասնակցութեան հրամայականը:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը։ Նշենք, որ Պաքուի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էլխան Պալուխով յայտարարած է, որ ատրպեճանական կողմը քննութիւն բացած է իմանալու համար, եթէ Փոփով նոյնպէս համաձայնութիւն յայտնած է բանակցութիւններուն Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցին:
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը կը յայտնէ, թէ Փոփով Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած է, որ նախագահ Սահակեանին հետ քննարկած է ընկերային-տնտեսական ծրագիրներ, որոնց շարքին Ղարաբաղի օդակայանի կառուցման հարցը:
Յիշեցնենք, որ Ղարաբաղի միակ օդակայանը 1992էն ի վեր չի գործեր: Զինադադարէն ետք Ատրպէյճան մերժած է օդային թռիչքներու անվտանգութեան երաշխիքներ տալ: Այսուհանդերձ, երկու տարի առաջ սկսած է օդակայանի շէնքին կառուցումը, որ կը մօտենայ իր աւարտին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.