«Հայ մայրեր եւ դուստրեր» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս պիտի մասնակցի «Revlon»ի կազմակերպած եւ կանացի քաղցկեղներու համար դրամահաւաքի նպատակով կատարուող քայլարշաւին (թիւ 813 խումբ), եւ այդ նպատակով, պասքեթպոլի տարբեր մրցումներու տարազին տակ կազմակերպած է դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 2ին, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Նազարեան» մարզադաշտին մէջ (6844 Oakdale Avenue, Canoga Park, CA 91306), առաւօտեան ժամը 11էն կ.ե. ժամը 4: Մրցաշարքին մասնակցելու համար պէտք է 18 տարիքը բոլորած ըլլալ:
Մասնակցութեան սակը 35 տոլար է անհատի մը համար, իսկ 3 հոգինոց խումբի համար՝ 100 տոլար: Արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել eilesq@aol.com հասցէին կամ (818) 404-5686 թիւին:
«Revlon»ի քայլրաշաւը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 8ին ու պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8ին, Լոս Անճելըսի «Memorial Coliseum»էն: Արձանագրութեան սակը, որ ուղղակի «Revlon»ին կը վճարուի, 30 տոլար է: Կը խնդրուի նշել, թէ մաս կը կազմէք թիւ 813 խումբին:
Արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.revlonrunwalk.com համացանցային կայքը կամ դիմել (818) 444-5192 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.