ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Համացանցային եւ ընդհանրապէս հեռահաղորդակցական կապերու՝ միջոցներու եւ հնարաւորութեանց կատարելագործման հետ, հայ մտքի եւ գաղափարի անդաստանը եւս իւրայատուկ ծաղկում մը կ՛ապրի մեր օրերուն։
Մտածումի եւ արտայայտուելու ազատութիւնը երբեք չէ ունեցած իր այսօրուան սանձազերծ գարգացման ուժականութիւնը։ Ով ի՛նչ ուզէ կը դնէ համացանցի վրայ. աւելին՝ հնարաւորութիւնը ունի ընդարձակելու իր հասողութեան սահմանները, յաճախ չարամիտ «հիւրընկալ» դառնալով այս կամ այն նիւթին շուրջ համացանցի վրայ աղբիւրներ կամ գրականութիւն որոնող պատահական այցելուներու։
Անշուշտ ընդհանուր հաշուեկշռով դրական է ներդրումը տեղեկութեան եւ իրազեկումի արհեստագիտական մերօրեայ յեղափոխութեան։ Վերջապէս անհատը տիրացած է հնարաւորութեան՝ ազատօրէն հաղորդակցելու եւ տեղեկութիւններ ու տեսակէտներ փոխանակելու աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ափունքին ապրող մարդոց հետ անգամ։ Սեփական կարծիքը ունենալու եւ զայն անխափան արտայայտելու իրաւունքը երբեք չէ հասած այս աստիճան ազատութեան։
Բացասական բաներ ալ կան, հարկա՛ւ։ Եւ չափազանց շատ կան։ Բառին բուն իմաստով տեղեկութեանց աղբանոց ալ կրնայ նկատուիլ համացանցը, ուր ոչ միայն պատահական այցելուներ ամէն կարգի անպէտք բան կը նետեն, այլեւ պետական թէ քաղաքական կազմակերպուած ուժեր ապատեղեկացման եւ ուղեղալուացման իրենց քարոզչութիւնը սանձարձակօրէն կը տարածեն՝ աննախընթացօրէն ազդու եւ համատարած տարողութիւն ու թափ ձեռք ձգելով։
Հայ քաղաքական մտքի զարգացման առջեւ համացանցին բացած մերօրեայ լայն հնարաւորութիւններէն կը ներշնչուի այս «Օրուան Մտածումը»։ Յատկապէս ի մտի ունի համացանցի «աղբանոց»ին մէջ նետուած այն մտքերն ու գաղափարները, որոնք թէեւ հայ մամուլի էջերուն ալ որոշակի՝ քողարկուած դրսեւորումներ կը գտնեն, բայց առաւելաբար համացանցի վրայ տեսանելի են իրենց ամբողջական մերկութեամբ եւ բուն էութեամբ։
Խօսքը կը վերաբերի հայ մտքի ազգային ժառանգութիւնը ճանչնալու, պեղելու, վերանայելու եւ ուսանելի դարձնելու առաջադրանքով կատարուող համացանցային ազատ արտայայտութիւններու այն խաժամուժին, որ հետեւողականօրէն հարցականներու եւ ժխտումներու ճնշումին տակ կը պահէ մեր ազգային մտածելակերպին մէջ բիւրեղացած սրբութիւնները։
Օրինա՞կ.
– Վարդանանանց աւանդին՝ «սեփական Հաւատքին կառչած մնալու» խորհուրդին եւ «իմացեալ մահով մահուան յաղթելու» պատգամին նկատմամբ կը դրսեւորուի գռեհկագոյն հեգնանք, երբ դիտել կը տրուի, թէ՝ «ի՜նչ օգուտ իր կեանքը զոհաբերող զօրավարէն, երբ մենք պէտք ունինք մեզի յաղթանակ բերող առաջնորդի». կամ՝ «աւելի հեռատես եւ իմաստուն էր Վասակ Սիւնին, երբ առերես ուրացումի դիւանագիտութեամբ հայ մարզպանութիւնը ապահովեց Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին». եւ կամ, աւելի՛ն, «մինչեւ երբ պիտի շարունակենք ինքներս մեզ խաբել ու մխիթարել բարոյական յաղթանակներով»…
Ուրի՞շ օրինակ.
– Կայքէջի մը պահուհանին վրայ գրուած է՝ «Խրիմեան Հայրիկը ես չեմ ընդունիր, որովհետեւ լալկան ողբասաց մըն է, որ օտարներուն դռները ինկաւ անոնց հերիսայէն բաժին մուրալով իր թղթէ շերեփով»… Նման մտայնութիւն կրնայ զարգացնել միայն այն հայը, որ մեր ժողովուրդի ազգային–ազատագրական շարժման՝ գաղափարական զարթօնքին եւ անհաւասար ուժերով հերոսական պայքարին մասին սոսկ մակերեսային պատկերացում ունի։ Ծանօթ չէ հայկական ազատամարտի էութեան, ոչ ալ հաղորդ է անոր երկունքի ցաւերուն։
Տակաւի՞ն օրինակ.
– «Սթամպուլը պիտի լինի արեան ծով… կ՛երգեն դաշնակները, իրենց յեղափոխական անխոհեմ քայլերով հազարաւոր անմեղ հայերու պատճառ կը դառնան եւ այդ բոլորը կ՛ընեն՝ Եւրոպայէն օգնութիւն աղերսելու համար» գրուած է կայքէջի մը վրայ… ուր տեղ գտած է նաեւ պատասխան հակազդեցութիւնը ոչ–դաշնակցականի մը, որ քիչ մը հայոց պատմութիւն սերտելու խորհուրդ կու տայ առաջին միտքի դրօշակիրին։
Օրինակները իրապէս շատ են եւ միայն անոնց թւումով սիւնակներ կրնան լեցուիլ։
Հարցը ազատ ու սանձարձակ շրջանառութեան մէջ դրուող նման մտածումներն ու մտայնութիւնները հաւաքական՝ հրապարակային քննարկման դաշտ բերելուն մէջ կը կայանայ։
Եւ մամուլը յարմարագոյն բեմն է այդ քննարկումին։ Ի վերջոյ մամուլը վերապրեցաւ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի արագ հաղորդակցութեան յաղթարշաւէն, որովհետեւ իր մօտ պահեց մտքերու եւ գաղափարներու հոսքը հրապարակային քննարկման խորազնին լուսարձակին տակ բերելու առաւելութիւնը։ Իսկ մամուլի էլեկտրոնային կայքէջը եկաւ աւելիով շեշտելու այդ առաւելութիւնը։
Ներածական այս առաջին անդրադարձով, համացանցի վրայ երեւցած կամ հեռահաղորդակցական միջոցներով շրջանառութեան մէջ դրուած մտքերը խմբաւորելէ եւ առանձին–առանձին քննարկելէ առաջ, անմիջապէս կ՛արժէ մատնանշել, որ օրինակի կարգով յիշատակուած մտածումներն ու արտայայտութիւնները էապէս նորութիւն չեն։ Նոր են սոսկ իրենց պարզ ու անմիջական, խօսակցական եւ անմշակ տարազումով, որ արդէն հինցած ու մաշած շատ մը գաղափարներուն կ՛ապահովէ նորի հնչեղութիւն։
Հին է ու մաշած, նաեւ, «կարծրատիպերը քանդելու» ընդհանուր այն գաղափարախօսութիւնը, որ իր առաջնորդող ուղղութիւնը զգալի կը դարձնէ երեւութապէս իրարու հետ անկապ եւ իբրեւ «նորամուծութիւն» հրամցուող այդ մտքերու եւ գաղափարներու խորքին։ Զուտ անձնական շեշտով եւ զգացական պոռթկումով՝ ժխտումի եւ ձաղկումի թիրախ կը դառնայ գաղափարական արժէքներու եւ ազգային սկզբունքներու ամբողջ համակարգ մը, որ աւելի քան մէկուկէս դարու հայ քաղաքական մտքի հետեւողական պայքարով նուաճուած ու նուիրագործուած է։
Թէ՛ հայրենի հողի վրայ, թէ՛ հայրենի ոստաններէն հեռու, մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալին ալ հայ քաղաքական մտքի աւազանին մէջ հոսած են նման ժխտողականութեան կեղտաջուրեր։ Բայց անցեալին, հաղորդակցութեան միջոցներու նախնական եւ սահմանափակ բնոյթին բերմամբ, համեմատաբար դիւրին եղաւ հայ ազգային մտածելակերպի մայր հունէն հեռու պահել կամ դուրս նետել ժխտողականութեան աղբերը։ Իսկ այսօր, համացանցային հաղորդակցութեան կատարելագործումով յատկանշուող մեր դարուն, ազգային մտածելակերպի աղաւաղման դէմ պայքարը յառաջ մղելու համար, պէտք ունինք գաղափարական մեր հիմնարար արժէքներուն վերանորոգ շրջանառութեան՝ ներկայ ժամանակներու թարմ շունչով ու սանձազերծ թափով։
Գաղափարական նորովի ու հետեւողական պայքար անհրաժեշտ է, որպէսզի յատկապէս նորահաս սերունդներու մտածողութեան մէջ արմատաւորուի հիմնարար այն նախադրեալը, թէ «կարծրատիպեր» են ոչ թէ Քաջն Վարդանը եւ Խրիմեան Հայրիկը, Հայկական Յեղափոխութիւնն ու Հայ Դատի պայքարը, այլ կարծրատիպեր են սեփական մորթը ստրկական համակերպումով ու անձնատուութեամբ «փրկելու»… «իրատեսութիւնը»։
Վերջին հաշուով հայ ժողովուրդի ողջ պատմութեան առաջատար ուժը եղած է կարծրատիպերու դէմ անհաշտ պայքարը։
Հետեւողական ու յեղափոխական պայքարը հայ ազգային արժէքները իրենց իմաստէն պարպող եւ այլասերման անձնատուր դարձող ինքնալքումի կարծրատիպերուն դէմ։
Լիովին համաձայն եմ ձեր հետ, սակայն ի՞նչպէս պայքարել այս խնդրի դէմ, սա է մեզ այսօր հարկաւոր։