ՊՈԼԻՍ.- «Հապեր Ֆլաշ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ատրպէյճանցի երեսփոխան Քուտրեթ Հասան Կիւլիեւ պահանջած է, որ Անգարա աւելի խիստ միջոցներ գործադրէ Հայաստանի դէմ։ Երեսփոխանին համաձայն, Թուրքիա պէտք է անմիջապէս փակէ Թուրքիա-Հայաստանի միջեւ օդային գիծը եւ այն թուրք առեւտրականները, որոնք Ատրպէյճանի մէջ կ՛աշխատին եւ որոնք Հայաստանի հետ եւս գործ կ՛ընեն, պէտք է պատժուին։
«Թուրքիա պէտք է արգիլէ, որ թրքական ապրանքներ Հայաստան երթան Վրաստանի վրայով», աւելցուցած է Կիւլիեւ:
Ան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները սառեցնելու մասին Հայաստանի նախագահի որոշումին, ըսելով, որ այդ որոշումին նպատակն էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային պարտադրել, որ «ցեղասպանութիւն» բառը արտասանէ, սակայն այդ փորձը եւս չէ յաջողած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.