
ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Մայիս 11ի յետմիջօրէին, Սուրիայէն ճամբայ ելած Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ ժամանեց Թուրքիա, ուր շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Կ՛ակնկալուի, որ անոր ացելութեան ընթացքին ստորագրուին երկու երկիրներուն միջեւ առանց այցագրի ճամբորդութիւն արտօնելու, Թուրքիոյ մէջ հիւլէակայան մը կառուցելու եւ շարք մը այլ համաձայնագիրներ: Ան նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ելոյթ մը պիտի ունենայ:
Մետվետեւ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին պիտի քննէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։