Քիչ պիտի ըլլար ըսել, թէ Հայ Ժողովուրդի վերածննդեան կարեւորագոյն օճախներէն մին՝ «Թռչնոց Բոյն»ը, Լիբանանի Պիպլոս պատմական քաղաքին մէջ, միայն լիբանանահայութեան սիրելի է: Փաստօրէն, համազգային հոգածութեան առարկայ այս հաստատութիւնը, կը վայելէ նաեւ արտասահմանի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ օտար մարդասիրական հիմնարկներու սէրն ու քաջալերանքը:
Աւելի քան չորս հազար հայ որբերու տուն դարձած այս հաստատութիւնը, դանիացի ժողովուրդին կտակը եղաւ հայութեան, որպէսզի շարունակէ իր առաքելութիւնը նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութենէն բաւական տարիներ ետք, օթեւան դառնալով գուրգուրանքի կարօտ հայ մանուկներուն:

«Թռչնոց Բոյն»ի այցելուները անպայման պիտի արձագանգեն այստեղ արտայայտուած այն մտածումին, թէ՝ սովորական հաստատութիւն չէ՛ ասիկա, այլ բառին բուն իմաստով Տունը Հայ Մանուկին: Հաստատութիւն՝ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական անմիջական հսկողութեան ներքեւ կը գործէ, ուսում, կրթութիւն, սնունդ տալով ու հոգածութիւն ցուցաբերելով մեր ժողովուրդի նուազ բախտաւոր զաւակներուն:
Խնամատարական իր աշխատանքին մէջ, սակայն, ազգապատկան այս հաստատութիւնը առանձին չէ: Մեր ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն պատկանող անձերը իրենց սրտին մէջ տեղ մը ունին անպայման «Թռչնոց Բոյն»ին համար: Իսկ մշակութային ու կրթական աշխատանքները մեր ազգի կեանքէն ներս քաջալերող «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան զգալի նպաստը, մղիչ ոյժը կը մնայ կատարուած մարդասիրական աշխատանքին: Ո՛չ միայն նուիրատուութիւններու ճամբով, այլ անձնապէս իրենց ներկայութեամբ, շա՜տ-շատեր քաջալեր կը հանդիսանան այստեղ պատսպարուած հայ մանուկներուն, որպէսզի առաւել եւս իրենց տան մէջ զգան անոնք, ապահով ու խաղաղ ապագայի հեռանկարը աճեցնելով իրենց մանկական հոգւոյն մէջ:
Բնաւ տարօրինակ պէտք չէ թուի մեր ժողովուրդին այս սէրն ու հոգածութիւնը «Թռչնոց Բոյն»ին նկատմամբ, երբ ամբողջովին օտար՝ դանիացի աղջիկ մը՝ Մարիա Ճէյքպսըն, Խարբերդէն սկսեալ հայ որբերու հաւաքման աշխատանքին լծուեցաւ 96 տարիներ առաջ, ու Լիբանան հասնելով, հիմնեց «Թռչնոց Բոյն»ը, եւ իր ամբողջ կեանքը հայ դժբախտ որբուկներուն նուիրելով, հոն եւս կնքեց իր մահկանացուն թուականէս 50 տարիներ առաջ:

Հայ որբերը ոչինչ ունէին տալիք անոր, գնահատել կարենալու համար իր նուիրաբերումը, բայց մեծագոյն պարգեւը ընծայած եղան անոր անգիտակցաբար, զինք ՄԱՄԱ կոչելով: Ի՜նչ քաղցր կոչում, աշխարհի բազմաթիւ լեզուներով արտասանուող մելանո՜յշ բառ, որ հայ որբուկներուն նուէրը եղաւ դանիացի ազնուասիրտ աղջկան: Այսօր Մաման կը հանգչի իր պաշտած հաստատութեան մէջ, որուն գերեզմանին վրայ շուք կու տան իր փայփայած մանուկներուն հոգիները, իբրեւ քաղցր յուշ թեւածելով անոր վերեւ:
Ծառայական կեանքի օրինակ դարձած այս բացառիկ դէմքին՝ Մարիա Ճէյքպսընի նուիրումը, բնականաբար մեր ժողովուրդէն շատերուն բարի նախանձը պիտի արթնցնէր: Այնուհետեւ այնտեղ ծառայող բոլոր պատասխանատուները, տնօրէն, ուսուցիչ-ուսուցչուհի, խնամակալ թէ վարչական պատասխանատուութիւն ստանձնած անձ, պիտի ջանային իրենց լաւագոյնը մատուցել հաստատութեան: Սակայն անոնցմէ եւ ո՛չ մէկը ՄԱՄԱ կոչումին արժանացաւ, նախ անոր համար որ Հայոց Ցեղասպանութենէն որբեր չմնացին ալ, եւ ամէնքն ալ հազար փառք Աստուծոյ, ունին իրենց հարազատ մայրերը: Երկրորդ, բոլոր ծառայողներն ալ փափաքեցան որ այդ հաստատութենէն ներս «Մամա» կոչումը եզակի անունը մնայ անզուգական Մարիա Ճէյքպսընի, յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը:
Ծառայութեան ու նուիրումի այլ կերպերով ու միջոցներով, այսօր եւս չեն պակսիր «Թռչնոց Բոյն»ին շուրջ համախմբուած նուիրեալ տիկիններ, որոնցմէ փոքրաթիւ խումբ մը ծանօթ է մեր հանրութեան «Թռչնոց Բոյնի Տիկնաց Յանձնախումբ» անունով: Տիկին Ազատ Խանզէթեան, Տիկին Քնար Գնտոյեան, Տիկին Վիքթորիա Թիւթիւնճեան, Տիկին Մարալ Պապոյեան եւ Տիկին Ալիս Գաւճեան, մայրական իրենց սիրոյն արժանացուցած են մեր պատսպարեալ մանուկները: Իւրաքանչիւր տիկին, բնականաբար իր ընտանեկան բոլոր պարտաւորութիւնները կատարելուն կողքին, մեր պատմութեան ազնուական տիկիններու գիտակից յանձնառութեամբ ու զոհողական ոգիով, իր երկրորդ տան՝ «Թռչնոց Բոյն»ին կեանքը եւս կը տնտեսէ: Ամէն տարի, Մայրերու Օրուան առիթով կազմակերպուող ձեռնարկները, ու հաստատութեան ի նպաստ անոնց կատարած հանգանակութիւնները, կը մնան վեր ամէն տեսակի գնահատանքէ: Մեր մանուկներուն հանգիստ քունն իսկ՝ առողջապահական ամէնէն լաւ անկողիններուն մէջ, Տիկնաց Յանձնախումբի ջանադիր աշխատանքին մէկ բնագաւառը կը կազմէ: Այսօր չկայ Մաման, որ ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ կը քնացնէր իր որբուկները, սակայն կա՛ն նուիրեալ հայ տիկիններ, որոնք իրենց հարազատ զաւակներուն նման կը խնամեն մեր խնամքին յանձնուած մանուկները:

Ներկայ կեանքի խայտաբղէտ իրականութեան, ու իւրաքանչիւր անհատի կեանքը սեղմող խճողեալ առօրեային մէջ, շատ քիչ ժամանակ կը գտնենք տրամադրելի ուրիշին: Բայց այս պարագային այդ ուրիշը ինքնաբաւ մէկը չէ՛, ո՛չ ալ մեր հարազատն է՝ որուն նկատմամբ արդէն իսկ պարտաւորութիւն ունինք: Այլ՝ ազգի խնամքին յանձնուած մանուկ է, որուն մեր տրամադրած ժամանակը եւ բարոյական քաջալերանքը, աղօ՛թք պիտի սեպուի Աստուծոյ մօտ:
Մայիս 6, 2010ին, Մայրերու Օրուան առիթով դարձեալ կը խճողուի «Թռչնոց Բոյն»ը հայ մայրերով: Կը խայտայ Մամային հոգին երկինքի օթեւաններուն մէջ, մանաւանդ երբ կը տեսնէ, հայ մայրերը իրենց աստուածապարգեւ մեծագոյն հարստութիւնը՝ իրենց սէրը բերած են իրենց հետ իբրեւ նուէր, ողողելու համար հայ մանուկին սիրտն ու հոգին:
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հոգեւոր Տեսուչ