ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներ ծրագիրի 15ամեակին նուիրուած հաւաքոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 22ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, Փասատինա գտնուող Տիմիճեաններու բնակարանէն ներս:
Հաւաքին նպատակն է նշել հայրենիքէն ներս հայ երիտասարդներու գործնական ներդրում կատարելու առիթ տուող սոյն ծրագիրի իրագործումները, միաժամանակ յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելով ծրագրին երկրորդ ճամբարը հաստատելու աշխատանքներուն:
Ծրագիրը կը գործէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ դրած 1994ի զինադադարէն ի վեր: Անոր առաջին տարիներուն, ճամբարներ կազմակերպուած էին Արցախի մէջ, ուր ծրագրին մասնակիցները վերանորոգումներ կատարած էին զանազան գիւղերու մէջ, իսկ 2008էն ի վեր աշխատանքը կեդրոնացած է Գիւմրիի մէջ, ուր կարօտեալ երեխաներու համար չորս շաբաթեայ ճամբարներ կը կազմակերպուին: Ծրագիրը նաեւ ամուր կապեր կը ստեղծէ Սփիւռքէն հայրենիք մեկնող երիտասարդներուն եւ հայրենիքի սահմաններէն ներս ապրող անոնց հայրենակիցներուն միջեւ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ տեղեր ապահովելու համար, դիմել youthcorps@ayfwest.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.