ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, Մայիս 20ին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Եկաւեան» սրահին մէջ պիտի դասախօսէ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ, ծանօթ հրապարակագիր, Հայկական միացեալ հիմնադրամի նախագահ ու «Լինսի» մարդասիրական հիմնադրամի փոխնախագահ Յարութ Սասունեան:
Հանդիպումը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ Արանց յանձնախումբին կողմէ եւ մաս կը կազմէ ամսական դրութեամբ տեղի ունեցող դասախօսական ընթրիքներու շարքին:
Սասունեան պիտի խօսի յատկապէս բարերար Քըրք Քըրքորեանի հաստատած «Լինսի» հիմնադրամին եւ «Թրասինտա» ընկերութեան մասին:
Մուտքի սակը 15 տոլար է: Տեղ ապահովելու համար դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ Վերային, (626) 449-1523 թիւով, կամ Խաժակ Գոնիալեանին՝ (626) 351-0216 ու Արտաշ Կուրտիքեանին՝ (626) 399-1914 թիւերով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.