ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան անդամ Ռուզաննա Առաքելեան, երէկ կոչ ուղղեց խորհրդարանական լսումներ հրաւիրելու վերջին շրջանին մեծ աղմուկ յառաջացուցած կարեւոր խնդիրի մը շուրջ, որ կ՛առնչուի «Լեզուի մասին» օրէնքին մէջ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւններուն:
Ըստ Առաքելեանի, հայոց լեզուի պետական հոգածութիւնը ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ:
«Այո, մենք պէտք է լինենք աշխարհաքաղաքական գործընթացներում, իսկ դրա համար շատ կարեւոր է օտար լեզուի իմացութիւնը, բայց դա չպէտք է արուի մայրենի լեզուի հաշուին, այլ բարելաւելով կրթութեան ոլորտը», յայտարարած է պատգամաւորը:
Ըստ Ռուզան Առաքելեանի, կարեւոր է խորհրդարանական լսումներուն ու քննարկումներուն ներգրաւել շահագրգիռ անձեր, որոնք անհանգստացած են այս խնդիրէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Սա բաւարար չէ ՀՅԴ, երեք պարպերութեամբ դուք անտեսում էք Սուրբ Մաշտոցին։
Օտար լեզու իսկի պէտք չէ հայրենիքում, քանզի 2/3–րդը ամբողջ հայերուն ի ցրիւ աշխարհի տիրապետում է ցանկացած համաշխարհային լեզուին։ Իրականում մեզ պէտք է այս 2/3–րդ՝ աշխարհի հայերուն հովանաւորել եւ պարտադրել Մայրենիի խորացում, եւ ոչ թէ հակառակը։