ՏՈՒՇԱՆՊԷ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 97րդ նստաշրջանը Հինգշաբթի, Մայիս 20ին երեք բանաձեւ որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին կապակցութեամբ:
Առաջին բանաձեւին մէջ Հայաստանը կը նկատուի «յարձակողապաշտ երկիր», իսկ երկրորդ բանաձեւը կը վերաբերի «հայկական յարձակումէն» տուժածներուն դրամական օգնութիւն տրամադրելու հարցին: Երրորդ բանաձեւը կը դատապարտէ «ատրպեճանական տարածքներուն վրայ իսլամական պատմական յուշարձաններու ոչնչացումը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.