Հ. Վ.
ՓԱՐԻԶ, «Ազդակ».- 14 Ապրիլին Փարիզի հանրածանօթ «Մեզոն տը լա շիմի»ի ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած միջազգային խորհրդաժողովը՝ «Ինչպէ՞ս բնականոնացնել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները» ընդհանուր խորագիրով։
Գիտաժողովին հրաւիրուած էին հայ, թուրք, հրեայ, ֆրանսացի ակադեմական ծանօթ անձնաւորութիւններ՝ մասնակցելու համար երկու տարբեր կլոր սեղաններով ընթացող գիտաժողովին։ Ներկայ էին, սրահին մէջ, երկու հարիւր յատուկ հրաւիրեալներ՝ քաղաքական անձնաւորութիւններ, ակադեմականներ, համալսարանի դասախօսներ, մտաւորականներ, լրագրողներ։ Տեղական (ֆրանսական) բանաւոր թէ գրաւոր մամուլը ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի պատկերասփիւռի տարբեր կայաններ եւ թերթեր լայնօրէն անդրադարձաւ գիտաժողովին։
Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Հրաչ Վարժապետեան, որ ներկայացուց գիտաժողովին կազմակերպման տուն տուող պատճառները եւ նման խորագրով միջազգային գիտաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը։ Ապա ան, իբրեւ գրասենեակի պատասխանատու, հանգամանօրէն ներկայացուց գրասենեակին գործունէութիւնը՝ յայտնելով, թէ նորաստեղծ այս գրասենեակը իր լիաժամ անձնակազմով եւ Հայ դատի յանձնախումբի գործակցութեամբ պիտի աշխատի Հայ դատի բոլոր գործելադաշտերուն վրայ ըլլալ մշտական ներկայութիւն, ինչպէս նաեւ՝ Հայ դատի հիմնահարցերը առօրեայ հետապնդումով հնչեցնել ֆրանսական պետական, քաղաքական, ակադեմական, մտաւորական շր-ջանակներուն մէջ, եւ մանաւանդ՝ ֆրանսական լրատուամիջոցներու ընդարձակ ցանցին մէջ։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անունով խօսք առաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական հարցերու ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան։ Ան շեշտը դրաւ Թուրքիոյ վարած ազգայնական քաղաքականութեան վրայ՝ ընդգծելով, որ Անգարա կը շարունակէ իր մերժողական կեցուածքը, կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ իր սահմանը, կ՛ուրանայ իր գործադրած Ցեղասպանութիւնը, Ղարաբաղի հիմնահարցը կ՛առնչէ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման, հետեւաբար ի՛նքն է, որ նախապայմաններ կը դնէ փաստօրէն, մինչդեռ երկիրները համաձայնած են առանց նախապայմանի յարաբերութեանց նախաձեռնել։ Փափազեան նշեց Հրանդ Տինքի սպանութեան փաստը, որ թուրք ազգայնամոլութեան նորագոյն ապացոյցն է եւ եզրակացուց՝ ըսելով. «Մենք երբեք դէմ չենք երկխօսութեան, ոչ ալ՝ յարաբերութեան հաստատման ու բնականոնացման։ Բայց չենք կրնար ընդունիլ թրքական նախապայմանները նաեւ, հետեւաբար դէմ ենք արձանագրութիւններու ներկայ բանաձեւումին վաւերացման։ Հրամայական է արձանագրութեանց բովանդակութեան վերամշակումը, այլապէս դէմ ենք ու դէմ կը մնանք անոնց վաւերացումին»։
Ապա սկսաւ առաջին կլոր սեղանը՝ «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անոնց ապագան»։ Կլոր սեղանը վարեց Փարիզի Այբ. Էֆ. Էմ.-ի տնօրէն Վարդան Գաբրիէլեան։ Մասնակից-զրուցակիցներն էին՝ ֆրանսացի ծանօթ աշխարհաքաղաքագէտ Ֆրետերիք Անսել, Պրիւքսէլի «Էնֆօ-թուրք» թերթի խմբագիր Տողան Օզկիւտեն, Թել Աւիւի համալսարանի պատմութեան դասախօս Եայիր Օրոն եւ ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան։
Օզկիւտեն արտայայտուեցաւ իբրեւ Թուրքիայէն արտաքսուած լրագրող՝ մերկացնելով թրքական իշխանութեանց ոչ ժողովրդավար ու բռնատէր դիմագիծը՝ յայտնելով, թէ իր երկիրը կը դաւանի ըլլալ ու աշխարհին ներկայանալ իբրեւ ժողովրդավար, բայց խորքին մէջ ան է՛ ու կը շարունակէ՛ մնալ բռնատիրական երկիր, հետեւաբար՝ անյարիր եւրոպական երկիր դառնալու։
«Ինչ կը վերաբերի հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, մեր երկիրը՝ Թուրքիա, մինչեւ քաջութիւնը չունենայ ընդունելու իր պատմութիւնը, ճանչնալու իր գործադրած ցեղասպանութիւնը, երկխօսութեան սկսելու հայկական սփիւռքին հետ, անիմաստ է խօսիլ յարաբերութեանց մասին։ Ես մաս կը կազմեմ այն թուրքերուն, որոնք երկու տարի առաջ ստորագրեցին հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու բաց նամակը։ Մինչեւ որ պաշտօնական Անգարա միեւնոյն քայլին չդիմէ, հայ-թուրք յարաբերութիւնները կը մնան միայն ցնորք», եզրակացուց թուրք խմ-բագիրը։
Ֆրանսացի մեկնաբան Անսելի կարծիքով, ամէն բան ռէալփոլիթիք է, եւ հայ-թուրք կամ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները մաս կը կազմեն, կը տեղադրուին ռէալփոլիթիքի ծիրին մէջ։ Ռէալփոլիթիքի տրամաբանութեամբ, որեւէ պետութիւն շահ կը հետապնդէ իր յարաբերութիւններուն մէջ։ «Հայաստանի ղեկավարները կարծեցին, որ արձանագրութիւնները ստորագրելով՝ իրենց երկրին կացութիւնը պիտի բարելաւուի, բայց ուժի յարաբերութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ անհամեմատելի էր եւ արդիւնքի չհասան։ Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել սահմանը եւ շրջանին մէջ խուսանաւելու իր լուսանցքը լայն պահել», յայտնեց Անսել:
Ան նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ անդրադարձաւ հայկական սփիւռքի անհաշտ մօտեցումին՝ յայտնելով, թէ այս եւս հասկնալի է, որովհետեւ անոնք ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգորդներն են, եւ բնական է, որ այս կացութեան եւ այս պայմաններուն մէջ ցուցաբերեն նման ընդդիմութիւն, այնքան ատեն որ ցեղասպանութեան ճանաչումը կը մերժուի Անգարայի կողմէ։
Եայիր Օրոն յայտնեց, թէ «պիտի ընդունինք որ, հայ եւ հրեայ ժողովուրդներուն միջեւ կայ հասարակաց գիծ մը, զոր կը թելադրէ պատմութիւնը։ Ճակատագրակից ժողովուրդներ ենք։ Ինծի համար անընդունելի է Իսրայէլի իշխանութեանց կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ։ Մերժողական այս կեցուածքը գայթակղեցուցիչ է։ Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդ մը չի կրնար ցեղասպանութիւն ապրած այլ ժողովուրդի մը ցաւը չբաժնել, չընդունիլ։
«Պաշտօնական Թել Աւիւի մօտեցումը ամօթ մըն է հրեայ ժողովուրդին համար։ Ես պիտի փորձեմ ամէն գնով այդ ամօթի վերացման համար պայքարիլ։ Աշխարհը, եւ առաջին հերթին՝ Իսրայէլ, պարտաւոր է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ասիկա մարդկութեան հարցն է եւ մարդկութեան կը վերաբերի», եզրակացուց իսրայէլացի մտաւորականը, որուն եղբայրը՝ Հայիմ Օրոն, իսրայէլեան քնեսէթին մէջ հեղինակն է 28 Ապրիլին քննարկուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին։
ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն ամբողջ թղթածրարը՝ սկիզբէն մինչեւ օրս։ Ըստ անոր, արձանագրութիւնները խորքին մէջ հետեւանքն են միջազգային ընտանիքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու ճնշումին։ Սակայն հիմնական տուժողը հայկական կողմն է, որովհետեւ Թուրքիա այս ճամբով միջազգային ընտանիքի դիմաց ներկայացաւ իբրեւ չափաւորական ու քաղաքակիրթ պետութիւն, որ պիտի բանայ սահմանը եւ երկխօսութիւն պիտի կատարէ Հայաստանի հետ, բայց փաստօրէն եղածը պարզապէս շպար է եւ սահմանը կը մնայ փակ, ինչպէս նաեւ Անգարա հիմա ի՛նքն է, որ նախապայմաններ կը դնէ, մինչդեռ համաձայնութիւնը այն էր, որ երկու կողմերը սեղան պիտի նստին առանց նախապայմանի, եւ Անգարա սահմանը պիտի բանայ անմիջապէս, առանց որեւէ նախապայմանի։
«Հայաստան չի կրնար այլեւս սպասել Թուրքիոյ խոստումներուն։ Փաստը ցոյց տուաւ, որ պարզապէս թրքական նոր խուսանաւումներ են այս բոլորը։ Երեւան պէտք է յետս կոչէ իր ստորագրութիւնը, պէտք չէ վաւերացնէ արձանագրութիւնները։ Հուսկ, հայ-թուրք յարաբերութեանց երկխօսութիւնը այժմ կը գտնուի զերօ կէտին վրայ եւ մեռած է», եզրակացուց Մանոյեան։
Կէսօրուան դադարէն ետք, յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երկրորդ կլոր սեղանը՝ «Ցեղասպանութեան միջագզային ճանաչման հոլովոյթը՝ Ցիւրիխէն ետք», զոր վարեց Հայ դատի գրասենեակի քարոզչական պատասխանատու Դանիա Պապանազարեան։ Ակադեմական մասնակիցներն էին՝ ֆրանսացի պատմաբան Իվ Թեռնոն (հեռակայ կարգով), Ողջակիզումի հիմնարկի նախագահ Իսրայէլ Չառնի, միջազգային օրէնսգէտ Ալֆրետ տը Զալաս, թուրք պատմաբան Ալի Էրթեմ եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմբագիր Յարութ Սասունեան։
Թեռնոն յայտնեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն գծով մտահոգ էր յատկապէս առաջին օրերուն՝ մտածելով անոր հետեւանքներուն մասին, սակայն երբ յստակ դարձաւ ամէն բան, յստակացան ծալքերը, աւելի տրամաբանութեան խորքով կշռադատեց էութիւնը։
Չառնի իր ամբողջ մտածողութեան առանցքը դարձուց հետեւեալ բանաձեւումը. Հայոց Ցեղասպանութեան գծով որեւէ ուրացում կամ ժխտման քայլ դատապարտելի եւ անընդունելի է, որովհետեւ ուրացումը կ՛առաջնորդէ նոր եւ այլ նմանօրինակ աքթերու։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն, անոնք քաղաքական խուսանաւումներ են եւ կը նպաստեն Թուրքիոյ դիմագիծի բարելաւման միայն, եւ մանաւանդ կը քաջալերեն ուրացման եւ ժխտման արշաւները։ «Կարեւոր է, որ իսրայէլացի ժողովուրդը եւ հրեայ ազգը իրենց մտքին մէջ միշտ վառ պահեն ինչպէս Ողջակիզումը, այնպէս ալ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», եզրակացուց Չառնի։
Ալֆրետ տը Զայասի համաձայն, բաւարար չէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը տարբեր երկիրներու կողմէ, այլ կենսական է օրէնքի ուժ տալ անոնց եւ օրէնքով հաստատել անոր ճանաչումը։ «Ես համոզուած եմ, որ միջազգային ա՛յդ ճանաչումը կ՛ունենայ հայ ժողովուրդը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա մինչեւ այս պահը յաջողած է լրատուական դաշտին վրայ՝ իր դիմագիծը լաւ ցոյց տալով բոլորին, բայց պէտք է բացայայտենք իրականութիւնը. բոլորս գիտենք, թէ այդպէս չէ։ «Ասոր համար բարձր կրթութիւնը անհրաժեշտ ու կենսական է, վերջնական քաղաքական յաղթանակ արձանագրելու համար», ըսաւ ան։
Տը Չայաս եզրակացուց, որ մշակոյթը լաւագոյն միջոցն է աշխարհին պատգամ փոխանցելու, թէ հայոց բարձր մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը կը շարունակուի սրբապղծուիլ, իւրացուիլ եւ քանդուիլ այլոց կողմէ, իմա՛ թրքավայել ժողովուրդներու կողմէ։
Թուրք մտաւորական Ալի Էրթեմ հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ ճանաչումը ոչ մէկ ձեւով կ՛առնչուին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ մանաւանդ՝ արձանագրութիւններուն։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը չի վերաբերիր միայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, այլ համամարդկային խնդիր է։ Թուրքիա իր աշխարհաքաղաքական ուժը եւ դիրքը կը գործածէ ժխտելու համար իր գործադրած ցեղասպանութիւնը, ինչ որ անընդունելի է եւ դատապարտելի։
«Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ջուրը ինկան Էրտողանի յայտարարութեանց պատճառով։ Ան ղարաբաղեան հարցը առնչելով արձանագրութիւններուն՝ փաստեց, որ Անգարա պատրաստ չէ եւ չ՛ուզեր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել։ Ղարաբաղեան հարցը հայ-ազերի խնդիր է, եւ Թուրքիա իրաւունք չունի միջամտելու։ Անգարա Ազրպէյճանի թիկունք կը կանգնի շրջանին մէջ իր դիրքը զօրացնելու նպատակով։ Այս շանթաժը անընդունելի է», ընդգծեց Էրթեմ։
Ալի Էրթեմ խիստ ոճով եզրակացուց հետեւեալը. «Մինչեւ օրս Թուրքիա տարբեր ժողովուրդներու հետ ունի տարբեր հարցեր, որոնք բոլորն ալ կը մնան անլոյծ։ Ամէն անգամ որ առիթը ներկայանայ այդ հարցերը հարթելու, թրքական ոճը՝ շանթաժ եւ սպառնալիք, կը յայտնուին, եւ հարցերը կը մնան իրենց միեւնոյն ընթացքին մէջ։ Անգարայի ներկայ վարիչները եւ իշխանութիւնը կը փորձեն աշխարհին քաղաքակիրթ դիմագիծով ներկայանալ, բայց խորքին մէջ հին նոյն ոճն է, որ կը տիրէ անոնց մօտ։ Ուրացման, ժխտման եւ մերժողական ոճը կը շարունակեն անոնք՝ ոչ մէկ ձեւով ետ մնալով նախորդ դարու թրքական մտածողութենէն։ Անգարա պարտաւոր է այսօր իր անցեալի եւ իր պատմութեան հաշուեկշիռը հանելու։ Թուրքիա պարտաւոր է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու։ Պէտք է շարունակել պայքարը՝ մինչեւ արդարութեան վերականգնում, բոլո՛ր փոքրամասնութիւններուն համար»։
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի խմ-բագիր Յարութ Սասունեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջ պատմականը՝ արհաւիրքի օրերէն մինչեւ գաղութներու հաստատում, ձեւաւորում, կազմակերպում, եւ մինչեւ օրս, մինչեւ ներկայ ժամանակներ։ Ան նաեւ ներկայացուց ժամանակագրական կարգը Հայ դատի, Հայ դատի հասկացողութեան, Հայ դատի սահմանումին՝ նշելով, թէ ամբողջ տասնամեակներ ոչ մէկը կ՛ուզէր լսել հայութեան իրաւունքներու մասին, ժամանակները փոխուեցան, եւ պետութիւններ սկսան իրե՛նք խօսիլ ու ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ոչ միայն միջագզային քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով, այլ նաեւ՝ հայութեան հզօր պայքարին ու համոզումին պատճառով։
Սասունեան ընդգծեց նաեւ հայ ժողովուրդի հողային իրաւունքներու խնդիրը։ Ան ըսաւ, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները կը կազմալուծեն, կ՛անդամալուծեն մեր իրաւունքներու թղ-թածրարը։ Փոխանակ Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու պատմաբաններու յանձնախումբ յառաջացնելու՝ պէտք էր հաստատուէր յանձնախումբ մը, որ կը սերտէ Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ անոնց հատուցման եղանակը, եզրակացուց ան։
Գիտաժողովի փակման խօսքով հանդէս եկաւ Ֆրանսայի հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շարլ Փափազեան, որ շեշտը դրաւ Հայ դատի նոր հանգրուանը գաղութային միացեալ ճիգերով շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ հետզհետէ ծաւալող նոր-օսմանականութեան դիմագիծին եւ ընդգծեց, որ պէտք է յատկապէս Ֆրանսայի մէջ մերկացնել անոր իսկական պատկերը։