ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Մայիս 20ին, Փարիզի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Փարիզի Արդի արուեստի թանգարանէն գողցուած են հինգ գործեր: Փիքասոյէն, Մաթիսէն, Պրաքէն, Մոտիկլիանիէն ու Լեժէէն մէկական գործ գողցուած է առնուազն մէկ դիմակաւոր աւազակի մը կողմէ:
Տարբեր աղբիւրներու համաձայն, արուեստի գործերը միասնաբար 100էն 500 միլիոն եուրօ կ՛արժեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.