ՈՒՈՒՏԼԸՆՏ ՀԻԼԶ.- Հայ օգնութեան միութեան հարիւրերորդ տարեդարձը նշելու համար, շուրջ վեց հարիւր ՀՕՄուհիներ, բարեգործական այս մեծ կազմակերպութեան համակիրներ ու զօրակիցներ Կիրակի, 16 Մայիսի երեկոյեան հաւաքուած էին Ուուտլընտ Հիլզի «Մարիոթ» հիւրանոցի սրահը, ուր իրենց կը սպասէր դարադարձը նշելու կոչուած յատուկ յայտագիր մը:
Յայտագիրը սկսելէ առաջ, «քոքթէյլ»ի ժամուն, ներկաները առիթ ունեցան դիտելու հարիւրամեայ կարեւոր դրուագներ պատկերացնող նկարներ:
Երեկոյի հանդիսաւոր մասը սկսաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեանի բացման խօսքով, որմէ ետք երգչուհի Անահիտ Ներսիսեան կատարեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի հանրապետութեան եւ ՀՕՄի քայլերգները:
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութենէն ու շնորհաւորական ուղերձէն ետք, խօսք առաւ օրուան հանդիսավար, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» անգլիատար շաբաթաթերթի խմբագիր Յարութ Սասունեանը, որ ներկայացուց ձեռնարկին պաշտօնական հիւրերը:
Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փօլատեան հպարտօրէն յայտարարեց, թէ երեկոն նուիրուած է ՀՕՄի հարիւրամեայ վաստակը փառաւորելու ու տօնակատարելու:
Փօլատեան հակիրճ պատմական ակնարկ մը ներկայացուց ՀՕՄի գործունէութեան մասին՝ սկսելով Ցեղասպանութեան օրերէն, երբ թուրքերու ճիրաններէն որբուկ երեխաներ հաւաքելու աշխատանք կը տարուէր՝ իւրաքանչիւր որբուկի համար մէկ ոսկի առաջարկելով, ապա՝ թշուառ տարագիրներուն «պնակ մը կերակուր» ծրագիրով սովէ փրկելու ճիգ կը թափուէր: Աւելի մօտիկ ժամանակներու մասին խօսելով, Փօլատեան ներկայացուց երկրաշարժէ աղէտեալներուն օժանդակութիւն հասցնելու ՀՕՄի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ գաղութէս ներս ընկերային ծառայութեան ծրագիրները, որոնցմէ օգտուած են աւելի քան յիսուն հազար գաղթականներ ու կարիքաւորներ:
«Պատիւ, հպարտանք եւ սրտի անհուն գոհունակութիւն է մաս կազմելը կազմակերպութեան մը, որ 100 տարի յարատեւ ծառայած է հայ ժողովուրդի կարիքներուն Սփիւռքի գաղութներէն ու հայերնիքէն ներս՝ պահպանելով հայ լեզուն ու մշակոյթը, նոյն ատեն օգնութեան հասնելով կարօտեալին, հիւանդին, որբեւայրիին եւ ուսանողին», յայտնեց Փօլատեան:
«ՀՕՄի հզօրութեան աղբիւրը իր անդամներն են ու անոնց ազգին ծառայելու գիտակցութիւնը, իսկ յաջողութեան գաղտնիքը՝ անդամներու իրարու հանդէպ նուիրուածութիւնը եւ իրենց վստահուած գործին նկատմամբ ամբողջական նուիրումը», իր խօսքը եզրակացուց ատենապետուհին:
Փօլատեան ապա բեմ հրաւիրեց Հարիւրամեակի յանձնախումբի գործունէութիւնը ղեկավարող Մաքօ Մկրտիչեանը, որուն յանձնեց գնահատագիր մը՝ «առ ի երախտագիտութիւն՝ ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած շրջանի աշխատանքները ձեռնհասօրէն ղեկավարելուն եւ անոնց յաջողութեան նպաստելուն» համար:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան:
«ՀՕՄը իր Կարմիր խաչի ակունքներէն սկսելով՝ եղած է առաւելաբար ու անհրաժեշտօրէն անմիջական ծրագիրներու գործադրման նուիրուած միութիւն՝ ընդհանրապէս ուշադրութիւն չդարձնելով բերանացի կամ գրաւոր խօսքին, եւ իբրեւ հետեւանք այս իրողութեան, այսօր, այս հսկա՛յ կազմակերպութեան կը պակսի արհեստավարժօրէն դասաւորուած, համապարփակ ու համատեղուած մատենագրութիւն, որուն վրայ յենած՝ ներկայ ու ապագայ պատմաբանները կարենային լրջօրէն գործի լծուիլ եւ հասնիլ գոհացուցիչ հետեւութիւններու», յայտնեց բանախօսը:
«Միութենական ապրող ու շնչող կառոյց մը, ինչպիսին է ՀՕՄը, իր բազմահազար անդամներու գործօն մասնակցութեամբ, ինչպէս երէկ, այսօր եւս կը շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութեան լայնատարած պատմութիւնը արձանագրել կարօտեալ ու աղէտեալ անհատներու թէ հաւաքականութիւններու միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ՝ իբրեւ կենդանի յուշատեան», ըսաւ Սոնեց-Փափազեան, աւելցնելով, որ «Գերազանցօրէն հայկական այս կազմակերպութիւնը 26 տարբեր երկիրներու մշակոյթներուն բովէն անցած ու անցնող հաւաքականկութիւններու միաձոյլ կամքին ու տեսլականին արդիւնքն է այսօր, մարդկային ու մարդկայնական, ազգային ու միջազգային տուայտումներով աշխարհ եկած, կոտորածներու, երկրաշարժներու, պատերազմներու արիւնոտ ճանապարհը կտրած, աշխարհացրիւ բազմութիւններու անքակտելի Միութիւնն է Հայ օգնութեան միութիւնը»:
ՀՕՄի հարիւրամեակը շնորհաւորող ուղերձով մը հանդէս եկաւ Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆը: Շնորհաւորական խօսքով նաեւ հանդէս եկաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանը:
«Հարիւրամեայ Հայ օգնութեան միութեան համահայկական իրականութեան մէջ, իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ օգնութեան միութիւնը, որուն շարունակական ներդրումը միութեան համահայկական ծրագիրներուն գործընթացին մէջ եղած է ու կը մնայ անփոխարինելի», յայտնեց Մարաշլեան։
«Աւելի քան քառորդ դար, Հայ օգնութեան միութեան այս ակնառու միաւորը, իր նուիրեալ ընկերուհիներուն անխոնջ փաղանգով, հոգեկան ու ֆիզիքական անքակտելի կապերով ապրած է հայ ժողովուրդի վերջին տասնամեակներու մութ թէ լուսաւոր օրերուն հետ», ըսաւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին՝ գնահատելով այս շրջանը, որ «իր նիւթական թէ բարոյական անընդհատ օգնութիւնը կը հասցնէ հայրենի աղէտեալ շրջաններու բնակչութեան, եւ կը շարունակէ՛ նոյն ոգիով»:
Փոփոխուող աշխարհի մէջ նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով, «ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, վերջին տարեշրջաններուն, առաջնահերթ նկատած է ներքին կազմակերպչական աշխատանքի կարգաւորումը, որ առաջին հերթին կ՛ենթադրէ միաւորներուն հետ կապի եւ յարաբերութեանց ամրապնդում։ Այս ծիրին մէջ, ճիգ չէ խնայուած գործիչային այցելութիւններուն թափ տալու, միաւորները ընդհանուր իրագործումներու յաջողութիւններուն թէ դժուարութիւններուն հետ ծանօթացնելու, միաժամանակ, արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւններէն օգտուելով՝ Կեդր. վարչութեան ու միաւորներուն միջեւ կապն ու յարաբերութիւնը անմիջական դարձնելու ուղղութեամբ», յայտնեց Մարաշլեան:
«ՀՕՄի Հարիւրամեակի այս տարուան առիթով, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկած է նաեւ լայն քննարկումի՝ միութեան գործունէութեան ոճն ու ձեւը արդիականացնելու։ Մեր նպատակները թէեւ կը մնան անփոփոխ, սակայն նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի այսօրուան իրականութիւնը՝ ՀՕՄի բարեսիրական գործունէութիւնը ձեւափոխուելու եւ մեր գաղութներու եւ հայրենի զանգուածներու ապագայի կերտման մէջ ներդրումի ձեւ ստանալու խնդիր ունի», ըսաւ Մարաշլեան:
Յայտագիրի աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Էլեմենթ» նուագախումբը:
Նշենք, որ հարիւրամեակի առիթով հրատարակութեան կը պատրաստուի յատուկ գիրք մը, որուն ծախսերը հոգալու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Լոնտոն բնակող, սակայն իր բարերար ձեռքով ամէնուր հասնող Րաֆֆի Մանուկեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.