ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի տղոց պասքեթպոլի աւագանիի բաժակի մրցումները, որոնք սկսած էին Ապրիլի 21ին, տեղի կ՛ունենան 6 խումբերու մասնակցութեամբ: Սոյն մրցումները կը կայանան շրջանային եղանակով՝ մայրաքաղաքի «Հէյդար նիա» մարզասրահին մէջ:
Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան պասքեթպոլի տղոց խումբը մինչեւ օրս հետեւեալ արդիւնքները ձեռք բերելով՝ ներկայիս առաջին տեղը կը գրաւէ այս հանգրուանի խաղերուն.
«Արարատ»՝ 59-«Վահդաթ»՝ 57, «Արարատ»՝ 89-«Նաւթ»՝ 65, «Արարատ»՝ 113-«Իզադ Մեհր Ասեման»՝ 72, «Արարատ»՝ 87-«Բաթիս»՝ 68:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.