ՍԴՀԿ Հայ ամերիկեան խորհուրդը որոշած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց թեկնածու Մայք Կաթոյի ի նպաստ դիրքորոշուիլ, Յունիս 8ին կայանալիք ընտրութեանց սեմին:
«Հանրային ծառայութեան մէջ Կաթոյի ունեցած անցեալը, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններու գծով տարած աշխատանքը եւ իր ծրագիրները կը փաստեն, թէ ան ամէնէն աւելի լաւ պատրաստուած ու արժանի թեկնածուն է», ըսած է Հայ ամերիկեան խորհուրդի վարչութեան անդամ Ժիրայր Կիրակոսեան:
Կաթօ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայ ամերիկեան խորհուրդի այս որոշումին համար՝ խոստանալով իր լաւագոյնը կատարել ամերիկահայութեան շահերը պաշտպանելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.