ԱԹԷՆՔ.- Աթէնքի «Պենաքի» թանգարանին մէջ կը շարունակէ գործել պոլսահայ հանրածանօթ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի գործերուն ցուցահանդէսը: Առաջին անգամ ըլլալով է, որ Յունաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Արա Կիւլերի լուսանկարներուն ցուցադրութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիսի վերջը:
Միջազգային համբաւի տիրացած հայազգի լուսանկարիչը, ծանօթ դարձած է Պոլսոյ առօրեան եւ մարդիկը պատկերող սեւ-ճերմակ իր լուսանկարներով:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մօտաւորապէս 100 լուսանկարներ՝ Պոլսոյ 1960-1970 թուականներէն, յատկապէս ընտրուած «Պենաքի» թանգարանին կողմէ:
Ցուցահանդէսին առիթով լոյս տեսած է նաեւ «Օլքոս» հաստատութեան կողմէ հրատարակուած Արա Կիւլերի «Իսթանպուլ» («Istanbul») խորագիրով ալպոմին յունարէն թարգմանութիւնը: Գիրքին-ալպոմին նախաբանը կատարած է Նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.