ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Լոս Անճելըսի ժամով Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 10ին, Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլը (Հ1) սփռեց երկու վաւերագրական հաղորդումներ, որոնք կը վերաբերէին մեր ազգային արժէքներուն:
Առաջինը, թէ որո՞նք յղացան եւ ինչպէ՞ս իրագործեցին Արամ Մանուկեանի գերեզմանին խաչքար կանգնեցնելու գաղափարը:
Երկրորդ հաղորդումը Խաչիկ Դաշտենցի մասին էր, ծանրանալով ազգային շունչով գրուած երկու վէպերուն՝ «Խոդեդան»ի եւ «Ռանչպարների Կանչը»ին վրայ:
Բաւական հետաքրքրական մանրամասնութիւններով, քանի մը հոգի յուշապատումի կարգով նկարագրեցին, թէ ինչպէ՞ս յղացած են Թոխմախ Գէօլի գերեզմանատան մէջ Արամ Մանուկեանի գերեզմանին խաչքար կանգնեցնելու գաղափարը, որո՞ւ պատուիրած են խաչքարը եւ թէ արուեստագէտը ինչքան ճիգ թափած է, որպէսզի խաչքարը ըլլայ իւրայատուկ, չնմանի որեւէ ուրիշ խաչքարի: Ապա, թէ ինչպէս խորհրդային կարգերու սրատես աչքերուն տակէն յաջողած են խաչքարը հոն տեղադրել:
Յաջորդեցին վկայութիւններ, թէ ինչպէս այդ տարիէն սկսեալ, իւրաքանչիւր Մայիս 28ին, ազգային շունչով տոգորուած երիտասարդ ուսանողներ եւ մտաւորականներ, ուխտագնացութեան նման կը բոլորուէին այդ խաչքարին շուրջ, որովհետեւ, ի վերջոյ, մասնակիցի մը բառերով՝ «Արամ Մանուկեանն էր Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն կերտիչը» եւ եթէ չըլլար այդ հանրապետութիւնը (1918-20), չէր ըլլար ներկայ հանրապետութիւնը:
Այս բոլորին կ՛ընկերանային Արամի զանազան լուսանկարները ու պատմական բնոյթի այլ արխիւային նկարահանումներ:
Յաջորդեց Խաչիկ Դաշտենցին մասին յուշապատումներու շարք մը, որու ընթացքին Սասուն Գրիգորեան, Ստեփան Պօղոսեան եւ ուրիշներ ներկայացուցին գրողին կեանքն ու գործը, ծանրանալով անոր վերոնշեալ երկու վէպերուն վրայ՝ իբրեւ Սասնոյ մարտունակ հայութեան պայքարի ոգին նկարագրող գրական երկեր:
Բաւական մանրամասնութիւններ տալով, անոնք նկարագրեցին, թէ ինչ պայմաններու տակ Դաշտենց գրած է «Ռանչպարների Կանչը» վէպը եւ թէ ինչ է անոր բովանդակութիւնը, թեման: Այս բոլորը եւս՝ արխիւային լուսանկարներով, եւ վէպէն հատուածներու ընթերցումով՝ արուեստագէտներու կատարողութեամբ:
Ծայրէ ծայր եւ համբերութեամբ դիտեցինք հաղորդումները, որոնց աւարտէն ետք ունեցանք այն տպաւորութիւնը, որ նոր, կամ նէօ-խորհրդային մտածողութեամբ պատրաստուած նիւթեր էին, ուր ամէն ճիգ թափուած էր (խմբագրումի photoshop-ի ամբողջական գործածութեամբ) դուրս ձգելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան կամ անոր առնչուող որեւէ ակնարկութիւն:
Ինչպէ՞ս կարելի է կէս ժամ խօսիլ Արամին ու անոր գերեզմանի խաչքարի տեղադրումին մասին, ապա՝ արդարօրէն Արամը իբրեւ ազգային արժէք ներկայացնել, առանց խօսելու այն գաղափարական աշխարհին մասին, որուն ծառան, զինուորն ու առաջնորդներէն հանդիսացաւ Արամը: Այն Արամը, որ իրաւամբ կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչը: Տարբեր խօսքով, ինչպէ՞ս կարելի է ներկայացնել Արամը, առանց խօսելու ՀՅ Դաշնակցութեան մասին: Խօսքը «Արամը դաշնակցական էր» հասարակ տեղիք արտայայտութիւնը արտաբերելուն մէջ չի կայանար: Խօսքը կը վերաբերի այն իրողութեան, որ Արամը ՀՅ Դաշնակցութեան ստեղծած գաղափարական աշխարհը կեանքի վերածելու ու այդ ճամբուն վրայ վաւերական կենսագրութիւն կերտած գործիչներէն էր: Ներկայացուցիչներէն մէկը այն սերունդին, որ անհաւատալիօրէն աննպաստ պայմաններու տակ գործեց ի խնդիր Հայաստանի ու հայութեան Դատին: Մէկ խօսքով, ներկայացուցիչներէն մէկը այն սերունդին, որ թրծուած Դաշնակցութեան գաղափարականով, առաջնորդուելով անոր որոշումներով, երբեմն տառացիօրէն կեանք զոհեց:
Հապա՞ «Ռանչպարների Կանչը»: Ոչ մէկ ակնարկութիւն եղաւ այն մասին, որ Դաշտենց գեղարուեստական շունչով նկարագրած է այն, ինչ որ իրմէ տասնամեակներ առաջ չորուցամաք ու անպաճոյճ լեզուով, սակայն ականատեսի ու մասնակիցի վաւերականութեամբ նկարագրած է Արամի սերունդէն ուրիշ հսկայ մը՝ Ռուբէնը, Տէր Մինասեան:
Տարօնի յեղափոխական ու փոթորկոտ տարիներուն պատասխանատուութիւն վերցուցած Ռուբէն իր յուշերուն մէջ կը ներկայացնէ այն հերոսական սերունդը, որ հետագային ճողոպրելով 1915ի արհաւիրքէն, եկաւ հասաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն, մասնակից եղաւ անոր ծնունդին, խորհրդայնացումին. ապա՝ Արագածի լանջերուն վրայ, Աշնակի կամ Զովասարի չոր ու ցամաք տարածքներուն վրայ, տասնամեակներով երազեց Էրգիրը, աչքերը յառած արեւուն մայր մտած ուղղութեամբ, ի զուր սպասելով Անտոք կամ Մարութայ սար վերադառնալու օրուան:
Հասկնալի պատճառներով, Դաշտենց, իր վէպին մէջ, չէր կրնար ընդգծել Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը «ռանչպարներու» մարտունակութեան մէջ:
Դաշտենց ի՛նք եւս կը նկարագրէ այս սերունդին մաքառումը՝ սակայն գրականութեան ընդմէջէն: Սասունի Փեթար գիւղի Ախոն կամ իր զինակից Իսրոն եւ շատ ուրիշներ, Դաշնակցութեան գաղափարական առաջնորդութեամբ ու Ռուբէնի հրամանատարութեամբ, արեան ու արցունքի ծովեր անցնելով, պետութենէ զրկուած հայութեան պետութիւն պարգեւեցին: Անոնցմէ շատ շատեր չտեսան իրենց պայքարի արգասիքը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը: Ամբողջ սերունդ մը, որուն «համն ու հոտը տարբեր էր, ինչպէս Արտամետի խնձորը, թեկուզ որ մէջը որդ ընկած լինի», ինչպէս կը վկայէ Ռուբէն:
Այս բոլորէն ետք՝ անտեսուելո՞ւ համար նէօ-պոլշեւիկեան շունչով առաջնորդուող Հ1ին կողմէ: Ա՞յս պիտի ըլլար ներկայ Հայաստանի պետական այրերուն նուէրը 1918ի սերունդին, ա՞յս պիտի ըլլար իրենց վերաբերումը ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը մշակած ու բիւրեղացուցած կազմակերպութեան մը նկատմամբ ու յատկապէս այս օրերո՞ւն:
Խօսիլ Արամի մասին ու բացարձակապէս ոչ մէկ ընդգծում կատարել ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին, խօսիլ Դաշտենցի անմահացուցած կերպարներուն մասին ու չխօսիլ Ռուբէնի մասին, կը նշանակէ վկայութիւնը տալ սեփական մտքի ու հոգիի ահաւոր աղքատութեան: Աղքատութիւն մը, որ երթալով իւրայատուկ կը դառնայ Հ1ին համար:
vproodian@gmail.com