ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց իր 52րդ ժողովը Նիւ Եորքի մէջ, Մայիս 13էն 15ին, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի երկու եկեղեցիներուն՝ Սուրբ Սարգիսի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի: Երեք օրերու տեւողութիւն ունեցած այս ժողովը քննարկեց առաջնորդարանին, Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները:
Նշենք, որ ժողովը վերստին թեմի առաջնորդ ընտրեց Օշական արք. Չօլոյեանը: Նաեւ, մշակուեցաւ յառաջիկայ տարուան ծրագիրը, ապա կատարուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ընտրութիւնները:
Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները. Սթիւըն Յակոբեան, Րաֆֆի Ուրլեան, Զոհրապ Թազեան, Զարեհ Սողոմոնեան եւ Յակոբ Անդրանիկեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.