ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Յունիս 10ին, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ անջրպետի մէջ գտնուող «սեւ փոս»երու նուիրուած դասախօսական երեկոյ մը՝ առաջնորդութեամբ դոկտ. Վարուժան Կորճեանի:
Բանախօսը պիտի կեդրոնանայ յատկապէս Արագած լերան վրայ գտնուող «Բիւրական» աստղադիտարանէն կատարուած ուսումնասիրութեան վրայ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այս մարզէն ներս տարուող համաշխարհային ուսումնասիրութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը կը համարուի այդ աստղադիտարանը եւ «սեւ փոս»երու մասին հոն հաւաքուած «Մարգարեան» արխիւը:
Վարուժան Կորճեան աստղագիտութեան իր մասնագիտութեան տիրացած է Քալիֆորնիոյ ճարտարագիտութեան հիմնարկէն ու UCLA համալսարանէն, իսկ 1998էն ի վեր կ՛աշխատի «Jet Propulsion Laboratory»ի (JPL) մէջ՝ մասնակցելով շարք մը ծրագիրներու:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 881-0010 թիւին, info@arpainstitute.org հասցէին կամ այցելել www.arpainstitute.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.