Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 92րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Մայիս 30ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, տեղի պիտի ունենան Հանրապետական մաղթանք եւ հայկական եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։
«Այսու կոչ կ՛ընենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ խուռներամ եկեղեցի երթայ Կիրակի առաւօտուն եւ աղօթք բարձրացնէ ի յիշատակ Հայաստանի հանրապետութեան կերտիչներուն ու նահատակներուն, միաժամանակ վերանորգելով անոնց պատգամին հաւատարմութեան յանձնառութիւնը», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.