ՄԱՏՐԻՏ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Սպանիոյ հայկական կազմակերպութիւններուն, Ուրբաթ, Մայիս 21ին, Մատրիտի մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրականացուց Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:
«Եւրոպական Միութիւն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ միջազգային օրէնք» խորագիրով գիտաժողովը տեղի ունեցաւ քաղաքի Պատմութեան եւ աշխարհագրութեան հիմնարկին մէջ՝ նեցուկ կանգնելու համար Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար աշխատանք տանող սպանական քաղաքական ուժերուն եւ հայկական համայնքին:
Ելոյթ ունեցող բանախօսներն էին՝ Լուիս Էնրիքէ Օթերիօ Քարվահալ (Մատրիտի «Քոմփլութենսէ» համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ), Խուան Մերելօ Ղարպերա ի Կապրիէլ (Արդարադատութեան միջազգային ատեանի իրաւաբան), փրոֆ. Ալֆրետ տէ Զայաս (Ժընեւի Դիւանագիտութեան վարժարանէն միջազգային օրէնքի դասախօս եւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի նախկին քարտուղար), Կոնզալօ Էրնանտեզ Կուարշ (2007ին լոյս տեսած «Հայկական կամք» հատորի հեղինակ), Խուան Հոզէ Սան Մարթին (Սպանիոյ Պասք եւ Քաթալանիոյ նահանգային խորհրդարաններու մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքար տանող գործիչ) եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան:
Սպանիոյ հայկական կազմակերպութեանց անունով, գիտաժողովին բացումը կատարեց եւ դասախօսները ներկայացուց Գայեանէ Ասիլբեկեանը:
Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուած աշխատանքի պատմականը ներկայացնելու կողքին, գիտաժողովի մասնակիցները շեշտեցին, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու վնասուց հատուցումներու ապահովումը միջազգային համայնքին պարտականութիւնն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.