ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Շաբաթ, Մայիս 8ին, ՀԵԴ Լա Քրեսենթայի «Զարթօնք» ուխտին կազմակերպած «Արուեստի ապստամբութիւն» երեկոյթի ընթացքին ի յայտ եկաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարբեր շրջաններէ հոն հաւաքուած բազմաթիւ հայ երիտասարդներու տաղանդը:
Յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս ձեռնարկին ներկայ էին մօտաւորապէս 100 հայորդիներ:
Հանդիսավարներն էին Գայեանէ Աւանէսեան եւ Լեւոն Աբրահամեան, որոնք պարզ հանդիսավարի մը պարտականութիւնը կատարելու կողքին, յաճախ անզսպելի խնդուք պատճառեցին իրենց կատակներով ու «վէճ»երով:
Սրահը գեղեցկօրէն զարդարուած էր Նարիս Ազարեանի կողմէ, իսկ ծրագրին ընթացքին ելոյթներ ունեցողներու շարքին էին Քնար Քիթապճեանը, Հայկ Դիլանեանը, Տիանա Աշիքեանը, Անի Խոտավերդեանը, Նայիրի Պալեանը, Վահէ Լեփեճանը, Ճորճ Պալթաքեանը, Քրիսթինա Ղարիպեանը, «Prisoners of Disguise»ը, Պետիկ Աթմաճեանը, Արմի եւ Փայլա Գէորգեանները, Գայեանէ Աւանէսեանը եւ Լարա Փանոսեանը, Ալեքս Մինասեանը, Վաչէ Թոմասեանը, Հայբերդ Սարեանը եւ Արեգ Սանթիկեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.