ՎԵՆԵՏԻԿ.- Անցեալ Շաբաթ օր, Վենետիկի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ։ Նախարարը Վենետիկ կը գտնուէր Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի ստեղծման 20ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու համար:
«Հաւանական է, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները հանդէս գան նոր առաջարկներով», յայտարարեց Մամետեարով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։ Ան դիտել տուաւ, որ համանախագահներուն հետ քն-նարկումի նիւթ դարձած են հայկական կողմին հետ հանդիպում մը կայացնելու կարելիութիւնները։
«Ես Մինսկի խմբակի նախագահներուն յայտնեցի, որ մենք պատրաստ ենք հանդիպելու, եթէ նկատենք, որ հայկական կողմը չի ձգտիր ձգձգելու այս հոլովոյթը եւ յառաջընթացի փափաք ունի», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարը՝ յոյս յայտնելով, որ համանախագահները Հայաստանի ղեկավարութեան փոխանցեն Ատրպէյճանի դիրքորոշումը։ Եթէ այս պայմաններու լոյսին տակ հանդիպելու փափաք ըլլայ, ուրեմն Ատրպէյճան հարց չունի, դիտել տուաւ ան։
Անդրադառնալով երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ տեղի ունենալիք նոր հանդիպումի մը կարելիութեան՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նկատել տուաւ, որ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Սոչիի մէջ, ուր առաջարկ ներկայացուած է ժամանակաւորապէս ընդմիջելու հանդիպումները։
Մամետեարովի համաձայն, Մատրիտեան սկզբունքները ներկայացնելէ ետք, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները արդիւնք չտուին։ Բոլորը կը կարծեն, թէ այդ փաստաթուղթը, որուն վրայ երկու տարի աշխատանք տարուեցաւ, կարելիութիւն կը ստեղծէ հիմնական փաստաթուղթի վրայ աշխատանքը սկսելու, սակայն հայկական կողմը համաձայնութիւն չտուաւ այս գծով։
Մամետեարով նաեւ յայտնեց, որ տարբեր պատճառներով միջնորդները առաջարկեցին որոշ ժամանակամիջոցի մը համար կասեցնել բանակցութիւնները, սակայն, ըստ անոր, այդ ժամանակը պէտք եղածէն աւելի երկարեցաւ։ Անոր կարծիքով, Ատրպէյճան նոր փաստաթուղթին ծանօթացած է, սերտած է զայն, հիմնական նորութիւններ չէ գտած, ուստի, ներկայիս գնդակը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ։
«Համանախագահները պէտք է հայկական կողմին փոխանցեն մեր այսօրուան մօտեցումները։ Ապա միջնորդները կը քննարկեն ընդհանուր կացութիւնը եւ հանդէս կու գան նոր առաջարկներով», նշեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը։
Անդրադառնալով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին մէջ Թուրքիոյ համանախագահութեան կարելիութեան՝ Մամետեարով ըսաւ, որ Թուրքիա այս կառոյցին անդամ է եւ կարելիութիւն կայ այդ մէկը իրականացնելու։ Ան նաեւ խօսեցաւ Մեթիու Պրայզան Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակելու մասին՝ դիտել տալով, որ Ատրպէյճան համաձայն գտնուած է այդ նշանակման եւ շուտով այդ մէկը պիտի իրականանայ։
Նշենք, որ միջնորդները կը ծրագրեն Յունիսի վերջաւորութեան կամ Յուլիսի սկիզբը այցելել Հայաստան եւ Ատրպէյճան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.