ՊՈԼԻՍ, »Անատոլու«.- Պոլսոյ մէջ կայացող Ասիոյ համագործակցութեան երրորդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Թուրքիա այցելող Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Երեքշաբթի, Յունիս 8ին ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նման հարցերը չեն կրնար միակողմանի քայլերով լուծուիլ։
»Երկու ազգերը պէտք է հաշտութեան հասնին իսկական երկխօսութեան ճամբով։ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է որոշեն, թէ ո՛ր մէկն է իրենց համար ընդունելի տարբերակը։ Մենք պէտք է համբերատար ըլլանք եւ իրարու մօտեցնենք մեր դիրքորոշումները։ Ռուսիա կը շարունակէ իր աջակցութիւնը եւ մենք որեւէ երկիրի վրայ ճնշումներ չենք կրնար գործադրել։ Միեւնոյն ժամանակ, չենք ուզեր, որ ստեղծուի այնպիսի տպաւորութիւն մը, թէ՝ Ռուսիա կողմնակալութիւն կ՛ընէ«, ըսաւ Փութին, որուն Թուրքիա այցելութեան ընթացքին, երկու երկիրներուն միջեւ հիւլէական եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրուեցան:
Փութին եւ Էրտողան նաեւ անդրադարձան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ բնական կազի վերաբերեալ կնքուած պայմանագիրին։ Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց, թէ կնքուած պայմանագիրը չ՛ենթադրեր, որ թրքական շուկային մէջ ռուսական կազի բաժինը պիտի նուազի։ »Թրքական շուկային մէջ ռուսական կազի բաժինը չի նուազիր։ Ընդհակառակը, մենք պատրաստ ենք մեծցնելու գնուող կազին ծաւալները«, ըսաւ Էրտողան։
Իր կարգին, Փութին յայտնեց, թէ »Ատրպեճանական կազը »Նապուքօ« կազատարին համար բաւարար պիտի չըլլայ«։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.