ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ըստ ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, Յունիս 8ին Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Ֆրանսայի ԱԺ պատգամաւորական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ՝ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուա եւ նոյն խումբի քարտուղար Ժան-Փիեռ Տելանուա, Ռիշար Մալիէ, Առլեթ Կրոսքոսթ, Ռընէ Ռուքէ, Միշել Տիֆենպաքըր եւ Փասքալ Քրոզօ։ Անոնց կ՛ուղեկցէր Ֆրանսայի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէւորգեան։
Ողջունելով հիւրերը՝ Ղարաբաղի ԱԺ նախագահը կարեւոր համարած է երկու խորհրդարաններուն միջեւ վերջին շրջանի շփումները։ «Պարոն Ռոշպլուանի հետ սա մեր երրորդ հանդիպումն է մէկ տարուան ընթացքում, որից երկուսը կայացել է Արցախում, եւ ես այնչա՛փ ուրախ եմ, որ նա այս անգամ Արցախ է ժամանել իր գործընկերների հետ, նրանց, ովքեր արդէն գիտէ Լեռնային Ղարաբաղը եւ նրանց, ում համար մեր երկիրը նոր պիտի բացուի իր հմայքով», ըսած է ԱԺ նախագահը։
Իր կարգին, Ֆրանսուա Ռոշպլուան շնորհակալութիւն յայտնած է սիրալիր հրաւէրին եւ ընդունելութեան համար՝ նշելով. «Մեզմէ ոմանց համար, որոնք մինչայդ այցելած են ձեր երկիրը, մեծապէս հաճելի է վերագտնել Արցախը, իսկ միւսներուն համար, ովքեր առաջին անգամն են այստեղ՝ յայտնաբերել Արցախը»։
Զրոյցի ժամանակ յատկապէս շօշափուած են Արցախի ներքաղաքական եւ հասարակական-տնտեսական իրավիճակին, ԼՂՀ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին, խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման անհրաժեշտութեան եւ այլ խնդիրներու առնչուող թեմաներ, որոնց վերաբերեալ ԱԺ նախագահը տուած է հանգամանալի պարզաբանումներ։
Ըստ այցի ծրագիրին, հանդիպումը այնուհետեւ շարունակուած է ընդլայնուած կազմով՝ ԱԺ պատգամաւորներ Արթուր Թովմասեանի, Արպատ Աւանէսեանի, Վահրամ Աթանէսեանի եւ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ։
Նշենք, որ ֆրանսացի խորհրդարանականներուն եռօրեայ ճանաչողական այցելութիւնը Ստեփանակերտ իրականացած է ԼՂՀ իշխանութիւններուն հրաւէրով, որ կատարուած էր անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, երբ ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած էր Ֆրանսա։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.