Շաբաթ, 22 Մայիս 2010ին, Հոգեգալստեան նախատօնակի արարողութեան ընթացքին, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան չորս անդամներ՝ Հոգշ. Տէրեր Նորայր աբղ. Գազազեան, Ղեւոնդ աբղ. Յովհաննիսեան, Խադ աբղ. Ճունտուրեան եւ Կորիւն աբղ. Բաղտասարեան, ստացան մասնաւոր վարդապետական չորս աստիճաններ, ըստ կարգաց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ, ձեռամբ լուսարարապետ սրբազան հօր՝ Գերաշնորհ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանի, Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի մէջ։
Առընթերակայ խարտավիլակներն էին Հոգշ. Տ. Բագրատ վրդ. Պուրճէքեան եւ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս վրդ. Զաքարեան։ Սրբազան հայրը նորընծաներուն տուաւ վարդապետական գաւազան՝ որպէս խորհրդանիշ ուղղափառ հաւատքի քարոզութեան։
Տուչութեան արարողութեան աւարտին չորս ընծայեալները՝ առաջնորդութեամբ իրենց խարտավիլակներուն, ներկայացան Պատրիարք սրբազան հօր՝ Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ արք. Մանուկեանի՝ իր օրհնութիւնը ստանալու։ Պատրիարք սրբազանը իր կողմէ շնորհաւորեց Տ. Նորայր, Տ. Ղեւոնդ, Տ. Խադ եւ Տ. Կորիւն վարդապետները, եւ զիրենք պարգեւատրեց լանջախաչերով։
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.