
Լենա Պօզոյեան ՀՕՄը Կ՛ուզէ Տեսնել Արհեստավարժ, Խիզախ Եւ Նիւթապէս Ինքնաբաւ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- ՀՕՄի Սիփան մասնաճիւղի միութենական առօրեան կը ներկացնէ՞ք:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- ՀՕՄի Սիփան մասնաճիւղի առօրեան կազմակերպական իր աշխատանքներով բնորոշուած է: Ունինք 7 անդամներէ ընտրուած Վարչութիւն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստանձնած է կազմակերպական եւ վարչական պարտականութիւններ: Մասնաճիւղի տարեկան հանգանակային կամ այլ ծրագիրները նախապատրաստելու նպատակով կ՛ընտրուին կամ կը նշանակուին զանազան յանձնախումբեր, որոնց մաս կը կազմեն մեր գործոն անդամները:
Իւրաքանչիւր Յանձնախումբ՝ օրինակ հանգանակային, քարոզչական, հաշուական եւ շաբաթօրեայ վարժարանի, հերթական (շաբաթը առնուազն մէկ անագմ) իրենց ժողովներով կ՛ամբողջացնեն իրենց տարեկան ծրագիրները: Իսկ Վարչութիւնը գրեթէ առօրեայ դրութեամբ իր անդամներու ճամբով կը հետեւի ու կը հսկէ աշխատանքներուն:
Կլենտէյլի Հ0Մի Սիփան Մասնաճիւղի գլխաւոր եւ կարեւորագոյն աշխատանքներէն է հայեցի դաստիարակութեան մատուցումը մատղաշ սերունդին: Առայժմ Մասնաճիւղս ունի մօտաւորապէս 70 Հայ աշակերտներ 4էն 14 տարեկան, որոնք ամէն շաբաթ Կը յաճախեն մեր շաբաթօրեայ վարժարանը, Գրիգոր Եւ Մարիամ Երիտասարդական Նոր կեդրոնէն ներս եւ կը սորվին հայ լեզու, պատմութիւն, կրօն, աւանդութիւններ, երգ ու պար:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Սիփան մասնաճիւղի անդամը, Կլենտէյլի պէս համեմատաբար բարեկեցիկ քաղաքի մը մէջ ապրելով հոգեկան ի՞նչ գոհունակութիւն, կ՛ակնկալէ միութենական կեանքէն, ՀՕՄէն ու իր գործունէութենէն:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Տնտեսական այս ճգնաժամին, ոչ բոլոր անդամները համեմատաբար բարեկեցիկ կեանք կը վայելեն, սակայն զարմանալի ոգեւորութեամբ մեր անդամներու մեծամասնութիւնը իր կամաւոր ծառայութիւնը կը բերէ գրեթէ ամէն աշխատանքի մէջ: Երբեմն իրենց տունն ու անձնականը զոհելով նուիրական գործ կը տանին ի շահ մեր գաղութի բարօրութեան եւ ազգային մեր իղձերու իրականացման: Կը կարծեմ Հայակերտումն ու ազգապահպանումը մեր գաղութին մէջ բաւարար ծանր աշխատանքներ կը պահանջեն եւ իւրաքանչիւր ընկերուհիի ակնկալութիւնն է ՀՕՄէն ու իր անձէն, որ կարեւոր ներդրում ունենայ այդ աշխատանքներուն եւ իւրաքանչիւր յաջող ծրագիր, որ կ՛իրականանայ շնորհիւ մեր ընկերուհիներու միասնական աշխատանքին, կը զօրացնէ, կ՛ոգեւորէ եւ կը ներշնչէ զանոնք:
Սիփան մասնաճիւղի անդամները տարիներով իրարու հետ ծառայելով եւ ազգօգուտ ծրագիրներ կազմակերպելով, ստեղծած են ընկերական զօրաւոր կապ եւ իւրաքանչիւր անդամ թէ երիտասարդ իր առօրեայ թէ միութենական մտահոգութիւնները բաժնելով իր ընկերներուն հետ, փոխօգնութեան հոյակապ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որ ինքնին հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տայ բոլորին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մասնաճիւղի կենսագրութեան ընթացքին գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները փոխուա՞ծ են, թէ նոյնը կը մնան:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Տարիներու ընթացքին ընդհանուր գործունէութեան ուղղութիւնները այնքան ալ փոփոխութիւններու չեն ենթարկուած: Սակայն նկատելի են աշխատելաձեւի եւ աշխատելաոճի տարբերութիւններ, որոնք արդիւնք են տարբեր տարիքի անհատականութիւններու եւ միութենական դաստիարակութեան:
Մեր գաղութի բազմազան կարիքները եւ պահանջները կարծես սկսած են բնորոշել մեր համընդանուր միութենական առաջնահերթութիւնները եւ ներկայ ու ապագայ ուղղութիւնները: Շինիչ երեւոյթ է մեր մասնաճիւղի մէջ, ինչպէս վստահաբար միւս մասնաճիւղերու պարագային, որ նորութիւնները լաւ ձեւով կ՛ընկալուին եւ կաղապարուած ձեւով աշխատելակերպէն դուրս գործելու պատրաստակամութիւն մը կայ, որուն անդամները կամաց կամաց կ՛ընտելանան:
Որոշ փոփոխութիւններ կան բացուելու եւ գործակցելու ոչ թէ միայն հայ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու հետ այլ՝ տեղական ու նահանգային կնոջական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու հետ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կարիքաւոր հայ մը ի՞նչ տեսակի օգնութիւն կրնայ սպասել ՀՕՄի Սիփան Մասնաճիւղէն: Պետական նպաստներու առկայութեան պայմաններու տակ, հայկական բարեսիրական կազմակերպութիւն մը ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ հայերու ընկերային խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ՝ տեղական եւ համահայկական իմաստով:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Որեւէ բարեսիրական միութեան կամ մասնաճիւղի ու հաստատութեան մը դժուարութիւններէն կարեւորագոյնը նիւթականի պակասն է, որու հայթայթումին ու ապահովումին համար ահագին ճիգ ու եռանդ կը թափուի: Սիփան մասնաճիւղը իր 35 տարիներու կեանքի ընթացքին բազմազան օգնութիւններ տուած է հայ թէ ամերիկեան կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանին, ուղղակի թէ Շրջանային Վարչութեան խողովակով: Այս հանգրուանին, ոեւէ հայ կարիքաւոր անհատ, որ կը դիմէ մեր մասնաճիւղին, վարչութիւնը կը քննէ անոր վիճակը եւ համապատասխան որոշում կու տայ՝ թէ ինչ տեսակ օգնութիւնը լաւագոյնս պիտի սատարէ անոր: Կլենտէյլի մէջ բարեբախտաբար ունինք զանազան բարեսիրական հաստատութիւններ, որոնց հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ենք եւ որոնց միջոցաւ կրնանք նպաստ եւ օգնութիւն տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներու: Եթէ յատուկ պարագայ ըլլայ, մասնաճիւղս կը դիմէ հովանաւորողներու եւ անդամուհիներու եւ հանգանակութիւններով նիւթական միջոց կ՛ապահովէ՝ օգնութեան ձեռք երկարելով կարիքաւորին եւ անմիջական օգնութիւն տրամադրելով անոր: Վերջերս մեր անդամներէն մեկու նախաձեռնութեամբ եւ մեր օգնութեամբ կոկիկ գումար հանգանակեցինք ու տրամադրեցինք Քաղցկեղէ տառապող չորսամեայ Նարեկ Մովսէսեանին, որ մօրը հետ բնակութիւն հաստատած է Կլենտէյլի մէջ:
Նահանգային եւ Դաշնակցային պետական շատ նպաստներ գոյութիւն ունին օգնելու կարիքաւոր ընտանիքներու, մանաւանդ իրաւազրկուած կանանց եւ երեխաներուն: Այս նպաստները շատ մեծ դեր կրնան խաղալ մեր գաղութի ընկերային զանազան պէտքերը հոգալու: Նպաստ ստանալու համար, հարկաւոր է ստեղծել համապատասխան ծրագիրներ, որոնք հիմնուած են մեր գաղութի պէտքերուն, ինչպէս դաստիարակութիւն՝ տնային բռնութեան զոհերու, լեզուի եւ օրէնքի ուսուցում, առողջապահութեան գիտելիքներու փոխանցում, արտադպրոցական ծրագիրներու համադրում, եւ տարբեր գաղութներու հետ համագործակցութեան կազմակերպում:
5.- Սիփան մասնաճիւղի իրագործումներէն կրնա՞ք առանձնացնել տաս ծրագիրներ:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Տարիներու ընթացքին ՀՕՄի Սիփան մասնաճիւղի ջանքերով կը կատարուին հետեւեալ կարեւոր ծառայութիւնները:
1— Նիւթապէս պարգեւատրել Կլենտէյլի հանրային դպրոցներէ ներս արժանաւոր հայ ուսանողները: Մօտաւորապէս 4—10 աշակերտներ տարեկան նիւթական նպաստ կը ստանան մեր մասնաճիւղէն:
2.— Մանսակցիլ Հ0Մի որբախնամ ծրագրին: Ներկայիս, Հայաստանէն ներս, մասնաճիւղս կը հովանաւորէ 10 որբեր որոնցմէ երկուքը 18 տարեկանէն վեր են:
3.— Անտուններու սպասարկում Կլենտէյլի Path Achieve ծրագրի միջոցաւ:
4— Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու registry-ի հանգանակութիւն:
5— Նորաձեւութեան ցուցահանդէսի կազմակերպում եւ հանգանակութիւն, որուն կը մասնակցին 500է աւելի հիւրեր:
6— հանգանակութիւն ի նպաստ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին:
7— Մասնակցութիւն եւ նիւթական հովանաւորութիւն ՀՕՄի æաւախք հիմնադրամին:
8— Նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն Ազգային Վահան Եւ Անուշ Շամլեան վարժարանին:
9— Մասնակցած ենք Կլենտէյլի Քաղցկեղի Ընկերութեան— Glendale Relay for life քայլարշաւին ու դրամահաւաքին, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապէտարանի կիներու յանձնաժողովի ձեռնակներուն:
10— Ձեռնարկած ենք Հայկական շուրջպարերու դասընթացք մը, որ 8 շաբթուայ տեւողութեամբ կը շարունակուի, ներկայացնելով հայ թէ օտար պարեր:
6.- Միութեան անդամները ընդհանրապէս ուրկէ՞ կու գան: Նոր անդամներ ունենալու համար ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Սիփան Մասնաճիւղի անդամները ընդհանրապէս եկած են միջին Արեւելքէն մանաւանդ Իրաքէն, Պարսկաստանէն, Սուրիայէն ու Լիբանանէն: Նոր անդամներ ներգրաւելու նպատակով յարաբերական ու քարոզչական լայն աշխատանք կը տանինք գաղութին մէջ ու կը փորձենք մեր ձեռնարկներու ընթացքին թելադրել մեր անդամներուն, որպէսզի իրենց երիտասարդ զաւակները, հարսերը, քոյրերը թէ մայրերը իրենց հետ բերեն, որպէսզի ծանօթանան մեր աշխատանքներուն: Վերջերս մեր մասնաճիւղը ունեցաւ յատուկ էջ Facebook-ի վրայ, որուն միջոցաւ կը ներկայացնենք մեր ծրագիրները եւ աշխատանքները: Այս տարի Հետաքրքրական երեւոյթ էր Իրվայն համալսարանի 15 աշակերտուհիներու կամաւոր աշխատանքը Շաբաթօրեայ մեր վարժարանէն ներս, սակայն համալսարանականներու բազմազբաղութիւնը, ինչպէս նաեւ Նոր մայրերու պարտաւորութիւնները արգելք կը հանդիսանան նոր անդամներու ներգրաւման եւ յարատեւումին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ձեր հետագայ ծրագիրները կրնա՞ք ներկայացնել: Աշխատանքի նոր դաշտ փնտռելու խնդիր ունի՞ք:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Արհեստագիտական դասընթացքներ ինչպէս Computer-ի դասընթացք:
— Հրաւիրել զանազան դասախօսներ որպէսզի կիներու մասին ներկայացնեն առողջապահական ու զանազան կարեւոր տուեալներ:
— Անգլերէն լեզուի ուսուցում:
— Պետական դիմումնագրերու եւ աշխատանքային ֆորմերու ամբողջացում:
— Ընտանիքներու եւ մանաւանդ կիներու իրաւունքներու վերաբերեալ գիտելիքներու փոխանցում՝ նահանգային օրէնքներու ծանօթացում:
— Համալսարանական ուսանողուհիներու ներգրաւում ՀՕՄի շարքերը:
— Ֆիզիքական մարզանքներ եւ առողջ սնունդի մասին դաստիարակութիւն:
— Համագործակցութիւն Կլենտէյլէն ներս գործող տարբեր կնոջական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք նոյնանման ծառայութիւններ ունին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կազմակերպական հարցեր, որոնք լուծման կարիք ունին: Կրնա՞ք թուել նման հարցեր եւ ի՞նչ քայլեր կ՛առնէք զանոնք լուծելու համար:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Կազմակերպական դժուարութիւններէն կարելի է առանձնանել հաղորդակցութեան միջոցներու պակասը, վարչական— անդամներու միջեւ հետեւողական ու մշտական կապ ստեղծելու ճիգերը կը խանգարէ, մանաւանդ արգելք կ՛ըլլայ բացակայ եւ ոչ գործօն անդամներու հետ կապ ստեղծելու: Մենք այս տարի ստեղծեցինք արեւաշող յանձնախումբը, որ մասամբ զբաղուեցաւ հիւանդ ու բացակայ ՀՕՄուհի անդամներով, ինչպէս նաեւ վարչութիւնը իր նոռակառոյց գրասենեակի մէջ արդիական հաղորդակցութեան ձեւերով )ե—նամակի, automated հեռաձայնի պատգամի, հեռաձայնի եւ նամակաբաշխով ու զանազան բացիկներով( փորձեց իր կարելին, որ իւրաքանչիւր անդամ տեղեակ պահուի մասնաճիւղի եւ գաղութի մէջ իրագործուող ծրագիրներէն:
Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտներ, որոնք ի վիճակի չեն տարեկան չնչին կրթաթոշակը վճարելու, հովանաւորողներու միջոցաւ կը շարունակեն իրենց հայեցի դաստիարակութիւնը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Դուն անձնապէս իբրեւ ՀՕՄական, ի՞նչ կը սպասես այս կազմակերպութենէն:
ԼԵՆԱ ՊՕԶՈՅԵԱՆ.- Հաւակնութիւն չունիմ պարզապէս սպասումներ եւ ակնկալութիւններ ունենալու առանց պատասխանատութեան զգացումին: Ես մօտ ապագային Հ0Մը կ՛ուզեմ տեսնել որպէս արհեստավարժ, նիւթապէս ինքնաբավ եւ խիզախ կազմակերպութիւն մը, որուն անդամները կազմուած են երեց, չափահաս եւ երիտասարդ տղաք ու աղջիկներով, որոնք իրենց փորձառութեամբ ու նորանոր գիտելիքներով աւելի պիտի ամպրապնդեն ու զօրացնեն անոր կազմակերպական ու բարեսիրական գործունէութիւնը:
Կը սպասեմ, որ իւրաքանչիւր ՀՕՄուհի տէր ըլլայ իր խոստումին եւ քաջաբար գործէ ու չվարանի ու չվախնայ գործեր նախաձեռնելէ, անշուշտ միշտ հետեւելով կազմակերպութեան կանոնագրի տառին ու ոգիին:
Կը սպասեմ, որ մեր կազմակերպութիւնը այնքան յոյս ու հաւատ ներշնչէ աշխահացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ անոնք անվարան իրենց բարոյական ու նիւթական ունեցուածքի ու կտակներու որոշ տոկոսը վստահին ՀՕՄին՝ անոր ճամբով նպաստելով որեւէ կարիքաւոր հայ անհատի, ըլլայ ան գաղթական թէ անգործ, հիւանդ թէ տնային pռնութեան զոհ, որբ թէ անտուն:
Վերջապէս բնական երեւոյթ է սերունդներու միջեւ հակադրութիւնը, միշտ եղած է ու կայ: Ոչ թէ միայն մեր կազմակերպութեան այլ սփիւռքի բոլոր կառոյցներու ղեկավարող գործիչները պէտք է մնայուն շարժման մէջ ըլլան: Այսինքն յարափոխուին, որպէսզի գիտութեամբ սնուած երիտասարդներուն եւ փորձառութեամբ զինուած երեցներուն միջեւ չափաւոր ու բնական մերձեցում ըլլայ: Այս մէկը երկուստէք քաջութիւն, պատասխանատուութիւն եւ զոհողութիւն կը պահանջէ: