ՊՈԼԻՍ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 9ին, Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան համար կայացաւ Սիրոյ սեղան, «Պէզճեան» սրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ 70 ազգայիններու։
Արամ սրբազանի գլխաւորութեամբ սարքուած այս ճաշկերոյթին մօտաւորապէս 200 հոգիի համար սեղաններ պատրաստուած էին եւ սակայն միայն 70 համայնքային դէմքեր մասնակցեցան։ Հակառակ անոր, ակնկալուածէն ալ աւելի բարձր գումար հաւաքուեցաւ կարճ ժամանակուան մէջ։
Ընթացքին խօսք առաւ Տիարպեքիրի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն-Այըք, որ եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն մասին հանգամանալից տեղեկութիւններ փոխանցեց ու տեսաժապաւէնի մը ցուցադրութեամբ խօսեցաւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաշինութեան մասին։ Յաջորդ ելոյթը եղաւ Տիարպեքիրէն Մկրտիչ Մարկոսեանինը, որ խօսեցաւ հայ ժողովուրդի ապրած տառապանքներուն, մաքառումներուն մասին, շեշտելով, թէ հակառակ այդ բոլորին, մեր ժողովուրդը միշտ ալ կրցած է տոկալ ու ապրիլ։
Պարքովիզիոնի դրութեամբ սփռուեցաւ նաեւ Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի խօսքը, ուր ան շեշտեց, թէ հայերու մեկնումով մեծ պարապութիւն մը գոյացած էր Տիարպեքիրի ու շրջակայքին մէջ։ Ան մաղթեց նաեւ, որ տիարպեքիրցի նախկին հայեր գոնէ տարին անգամ մը այցելեն իրենց ծննդավայրը:
Սիրոյ Սեղանի աւարտին հաւաքուեցաւ 605 հազար թրքական լիրա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.