ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 11ին, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, «Synopsys»ի փոխնախագահ Ռիչ Կոլտման յայտնած է, որ «Synopsys»ը ձեռք բերած է «Virage Logic» ընկերութեան բաժնետոմսերը: «Virage Logic»ի մէկ բաժնետոմսին համար ընկերութեան կը վճարուի 12 տոլար. գործարքի ընդհանուր գումարը կը կազմէ 315 միլիոն տոլար:
Բաժնետոմսերու ձեռքբերման գործարքը կ՛աւարտի մինչեւ Հոկտեմբեր, իսկ մինչ այդ, ընկերութիւնները կը գործեն առանձին: Գործարքի աւարտին, «Virage Logic»ը կը դառնայ «Synopsys»ի մէկ մասը, իսկ անոր բաժնետոմսերը կը վերձուին շուկայէն:
«Virage Logic»ի փոխնախագահ Երուանդ Զօրեան, ընկերութեան բաժնետոմսերու վաճառքը բացատրած է շուկայի պահանջարկով:
Անոր հաւաստումով, «Virage Logic»ը, իր բարդ նախագիծերուն համար, նախատեսուած է իբրեւ կիսահաղորդիչներու copyright-ի առաջատար մատակարար: Իսկ «Synopsys»ը համաշխարհային առաջատար է կիսահաղորդիչներու համար կիրառուող նախագծման մեքենայացման ծրագիրներու ոլորտին մէջ:
«Synopsys» ընկերութիւնը մուտք գործած է հայկական շուկայ 2004ին: «Synopsys Armenia» ընկերութիւնը դարձած է «Synopsys» ընկերութեան՝ ԱՄՆէն դուրս գտնուող ամենամեծ գրասենեակներէն մէկը, որ կ՛իրականացնէ հետազօտական աշխատանքներ, արտադրանքի սպասարկում, ինչպէս նաեւ կը մշակէ copyright եղած առարկաներ՝ կիսահաղորդիչներու բնագաւառին մէջ: Ներկայիս ընկերութիւնը կը հանդիսանայ այս ոլորտի առաջատարը Հայաստանի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.