ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսին յղուած նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ արտաքին երկերես քաղաքականութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ իր կամքը Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան պարտադրող Թուրքիան միաժամանակ կը շարունակէ վնաս հասցնել ամերիկեան ազգային շահերուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեանի կողմէ յղուած նամակին մէջ նշուած է. «Թուրքիոյ ղեկավարները իրենց կը վերապահեն Միացեալ Նահանգներու շահերը, դաշնակիցները եւ արժէքները ամբողջութեամբ անտեսելու ազատութիւնը՝ միաժամանակ Ուաշինկթընի իշխանութեանց վրայ պարտադրանքներ դնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւին կապակցութեամբ»:
Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Թուրքիա պէտք է այլ երկիրներու վարուելակերպին մասին արտայայտուող վերջին երկիրը ըլլայ, նկատի ունենալով Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ մարդկային իրաւանց շարունակուող ոտնակոխումները եւ բռնարարքները, ըլլան անոնք Թուրքիոյ մէջ, կամ անկէ դուրս՝ սկսելով Ցեղասպանութեան ուրացման համար տարուող աշխատանքներէն ու Հայաստանի շրջափակումէն, հասնելով մինչեւ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը, Թուրքիոյ քիւրտերուն եւ փոքրամասնութեանց իրաւանց ոտանկոխումներն ու Անգարայի հակաամերիկեան եւ հակաիսրայէլեան կեցուածքները:
Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ www.anca.org/assets/pdf/hill_notes/060910.pdf կայքէջին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.