ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, Մայիս 15էն մինչեւ Շաբաթ, Յունիս 12 շաբաթավերջերուն ՀԲԸՄի Ալթատինայի «Ա. Մանուկեան» կեդրոնի թատերասրահին մէջ, ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբը ներկայացուց Մոլիէրի «Ակամայ բժիշկը»ն ու Լուտովիկ Հալեւիի եւ Հանրի Մէյլհաքի «Պրազիլիացին» ֆրանսական երկու կատակերգութիւնները, բեմադրութեամբ՝ հանրայայտ դերասան եւ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի:
Կիրակի, 6 Յունիս, 2010ի կէսօրէ ետք ժամը 5ին, ներկայ գտնուեցանք սոյն թատերախումբի կալայի ներկայացման: Հաւանաբար շատեր հարց տուին, թէ Լոս Անճելըսի միակ մնայուն այս թատերախումբը իր չորրորդ տասնամեակի սեմին, ինչո՞ւ այս անգամ եւս հանրութեան կը ներկայանար թատերական երկու օտար երկերով, որոնք ունէին դարերու կեանք: Եթէ անպայման ինծի պէս կ՛ուզէք հարց տալ, պատասխանը պիտի գտնէք միայն բեմադրիչին մօտ:
Ճիշդ է, որ եթէ թատրոնը հարց մը չունի ներկայացնելու, անկասկած, որ կը դառնայ պարզ ժամանցի եւ զուարճանքի տեղ մը: Ամէն պարագայի, իմ նախընտրութիւնս պիտի ըլլար թատրոնը հանդիսատեսին փոխանցել իբրեւ իմաստալից ժամանց մը: Այս մէկը սակայն, իմ պարզ տեսակէտս է:
Անկախ իր հրամցուցած նիւթերէն, «Արտաւազդ» թատերախումբը, իբրեւ նոր նուաճում՝ բաւական երիտասարդ դէմքերով ներկայացած էր: Այս մէկը ինքնին բարենիշ մըն է եւ շնորհաւորելի: Մէկ խօսքով՝ թատերախումբը սերնդափոխուած ըլլալով՝ երիտասարդացած էր:
«Պրազիլիացին» տեղի կ՛ունենար 1860ականներուն: Դերասաններ, մուտքի կարգով՝ Նարինէ Աւագեան (Փոլեթ), Ռաքէլ Բարսեղեան (Նանեթ), Սարմէն Քէշիշեան (Կասթոն), Վիգէն Պալապանեան (Լը Րուէ), Արփի Էմիրզեան (Միշլին): Ինծի համար նիւթը այնքան ալ հետաքրքրքական չէր, որքան զայն ներկայացնող երիտասարդներու խումբը, որուն անդամներէն ոմանք իրենց առաջին փորձառութիւնը կը քաղէին բեմէն եւ որոնց մօտ տեսանելի էր բեմական զանազան շնորհներ:
«Ակամայ բժիշկը» տեղի կ՛ունենայ 1660ական թուականերուն: Դերասաններ, մուտքի կարգով՝ Արի Լիպարիտեան (Սկանարել), Ալին Խանճեան (Մարթին), Սեւակ Ղազարեան (Պարոն Ռոպեր), Գրիգոր Սիմոնեան (Վալեր), Արեթ Քուրեան (Լիւքա), Արամ Մուրադեան (Ժերոնտ), Արփի Սամուէլեան (Լիւսինտ), Նանոր Մարգարեան (Ժագլին), Րաֆֆի Գալէմքէրեան (Լէանտր), Ալեքս Խորշիտեան (Թիպօ), Նարեկ Աւագեան (Փերին):
Անկասկած, որ օտար թատերագիրներու այս գործերը զուարթ մթնոլորտ մը կը միտէին ստեղծել սրահին մէջ: Յայտնի էր, որ նորեկ դերասանները հետեւած էին իրենց բեմադրիչին ցուցմունքներուն, անոր թատերական թեքնիքին, ձայնային ելեւէջներուն եւ շարժուձեւերուն:
Կը ծափահարենք երկու խաղերուն մէջ տեղ գտած երկար կամ կարճ ժամանակով բեմին վրայ երեւցող 16 դերասան-դերասանուհիներուն եւ իրենց փորձառու բեմադրիչին ճիգերուն համար:
Գրիգոր Սաթամեան անկասկած, որ գնահատելի ու գովելի աշխատանք մը տարած էր՝ երիտասարդներով ողողելով բեմը, այլ խօսքով՝ բեմի նորընծաներով, որոնք իրենց կարելին ըրին յաջողութեամբ պսակելու համար իրենց սահմանուած դերերը: Մաղթանքս է, որ այս շարժումը շարունակուի:
Սփիւռքեան այսօրուան մեր իրականութեան մէջ, թատրոնը անհրաժեշտութիւն մըն է: Ան հսկայական դեր ունի հայապահպանման գործին մէջ, որովհետեւ թատրոնը դպրոց ալ է, ուր դերասանը կը սորվի նաեւ իր լեզուն:
Եւ որպէսզի բոլոր հրամցուածները դառնան իրական եւ հասկնալի, նախապայման է նաեւ, որ թատերախաղին լեզուն, արտասանուած բառերն ու նախադասութիւնները, առոգանութիւնն ու շարադասութիւնը ըլլան ճշգրիտ հայերէնով, որպէսզի սրահ եւ բեմ փոխյարաբերութիւնը ընթանայ հեզասահ ու ստեղծէ ոգեւորութիւն:
Իբրեւ դերասաններ, տիրական պահեր ստեղծեցին Արի Լիպարիտեանն ու Նարինէ Աւագեանը: Ակներեւ էին նաեւ Վիգէն Պալապանեանը, Ալին Խանճեանն ու Արփի Էմիրզեանը: Միւս դերակատարները եւս իւրացուցած էին իրենց դերերուն խորքային իմաստը: Յոյսով եմ, որ բոլորն ալ ժամանակի ընթացքին պիտի ապացուցանեն, թէ իրենք ալ այս խումբի մեծերուն նման պիտի կարենան մարմնացնել հրաշալի կերպարներ:
Կը հաւատամ, որ հայ թատրոնն ու հայ դերասանը կը զարգանան հայ թատերգութեամբ: Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ թատերական գրականութիւն չունինք, սակայն կը կարծեմ, որ եթէ կատարենք պէտք եղած պրպտումներն ու քաջալերանքը, անպայմանօրէն երեւան պիտի գան թատերագիրներ, ու ներկայացնելով անոնց գործերը՝ միաժամանակ պիտի զարգանայ մեր թատերական գրականութիւնը: Այս մարզէն ներս ճիշդ է, որ «անելիք» շատ բաներ ունինք:
Կը յուսանք, որ Սաթամեանի խումբը, իր նոր ուժերով թատերական մեր ոլորտէն ներս նոր հորիզոններ պիտի բանայ՝ յատկապէս հրամցնելով հայկական նոր ստեղծագործութիւններ:
Անկախ այս բոլորէն, կ՛ուզեմ գնահատական խօսքերով արտայայտուիլ բոլոր անոնց հասցէին, որոնք բեմին ետին երկարօրէն ճգնեցան այս երկու խաղերուն յաջողութեան համար: Նախ կ՛ուզեմ շնորհաւորել երկու ներկայացումներուն թարգմանութիւնն ու անոնց բեմական պատշաճեցումը կատարած բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանը: Յիշատակի արժանի էին նաեւ բեմավար Նայիրի Էմիրզեանն ու օգնականներ՝ Արման Երճանեան, Ալին Պարոնեան եւ Շանթ Պարիկեան, ինչու չէ նաեւ՝ բեմի գծագրութեան պատասխանատու Մանուկ Սաթամեանն ու իր օգնականները՝ Ալեքս Սէթեան, Արա Եարտըմեան եւ Քեթի Պապաքեան, ու երաժշտութեան պատասխանատու Մէրի Պչաքճեանը: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ հագուստներու պատասխանատու Ատէլ Սաթորին եւ Շանթալ Քէմանճեանը ու բեմի առարկաներու պատսախանտուները՝ Շանթալ Քէմանճեանն ու Արազ Խաչատուրեանը: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ բեմի լուսաւորուման պատասխանատու Արփա Խաչատուրեանը, վարսայարդար Անուշ Նաճարեանը ու ինծի շատ հինէն ծանօթ եւ բարեկամ դիմայարդար Նազարէթ Աջապահեանը:
Թատերախաղէն ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան ճաշկերոյթի, որուն պաշտօնական բաժնին, «Ա. Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ, թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Արա Պապայեան շնորհաւորեց խումբն ու բեմադրիչը ու բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ մեծ ու փոքր, հին եւ նոր բոլոր դերասաններուն, հայ բեմին ու թատրոնին հանդէպ ունեցած անսակարկ զոհողութեան ու անհուն սիրոյն համար: Շեշտելէ ետք խումբի սերնդափոխման օրինակելի իրավիճակը, Պապայեան երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ թատերախումբը հովանաւորողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք տարիներէ ի վեր քաջալեր կը հանդիսանան անոր:
Նոյն խորքով եւ գեղեցիկ արտայայտութեամբ ելոյթ ունեցան նաեւ ձեռնարկի հանդիսավար Վարդուհի Գազանճեանն ու բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանը, որ իր կարգին, երեկոն խանդավառեց իր զանազան «ճոք»երով:
Հիւրասիրութեան ընթացքին հրամցուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն հայկական երաժշտութիւններով ելոյթ ունեցան տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ, «Համազգային»ի եւ ՀԲԸՄի միացեալ ճիգերով իրագործուած հանրայայտ ու պատմական Պաալպեքի մէջ հայկական փառատօնի նուագախումբի երաժիշտներէն Միքայէլ Սագայեան (քանոն), Յարութիւն Կիւնտիւզեան (քլարինեթ), Աշոտ Տէրեան (տհոլ) եւ Ժան Սամուէլեան (ձեռնադաշնակ), որոնց մեներգներով ընկերացան երգիչ Անդրանիկ Մաթոսեանն ու Աստղիկ Սէրայտարեանը: Սրահը տարբեր խանդավառութիւն ապրեցաւ:
Այս ջերմ մթնոլորիտին մէջ, ի նպաստ թատերախումբի պատմական յուշամատեանի հրատարակութեան, տեղի ունեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ. «Գարուն» հաստատութեան տնօրէն Պաղտասարեան ամոլէն՝ $10,000, տէր եւ տիկին Սինան Սինանեանէն՝ $5000, Սեմ Սիմոնեանէն՝ $5000 ու տէր եւ տիկին Ճօ Սամուէլեանէն՝ $2000: