ՀՕՄի Ութերորդ Տասնամեակը (1980-1990)
Գ. ՄԱՍ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ – ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 7, 1988
Հայաստանի երկրաշարժին անդրադառնալէ առաջ, յիշենք, որ Արցախի ազատագրական շարժումէն եւ ցոյցէն անմիջապէս ետք, Փետրուար 26-28, 1988ին, ազերի ջարդարարներ քստմնելի ոճիրներ գործելէ ետք, Պաքուէն եւ Սումգայիթէն բռնի տեղահան ըրին բազմաթիւ հայեր: ՀՕՄը բարեսիրական կազմակերպութիւններուն մէջ եղաւ առաջինը, որ անյապաղ 50,000 տոլար հասցուց Հայաստան՝ տեղահանուած ժողովուրդին ապաստանարան ապահովելու համար:
Դեկտեմբեր 7, 1988ին, ահաւոր երկրաշարժի օրն իսկ, ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը գործի անցաւ եւ անմիջապէս կապեր հաստատեց Ուաշինկթընի Խորհրդային դեսպանատան, Միացեալ Նահանգներու Արտերկրի աղէտեալներու օգնութեան գրասենեակին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան, Ամերիկայի Կարմիր խաչի Միջազգային օգնութեան բաժանմունքին եւ այլ բարեսիրական միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ՀՕՄի բերելիք մասնակցութիւնն ու ստացուելիք օժանդակութիւնները յստակեցնելու համար: ՀՕՄի Ուաշինկթընի «Սի.Սի.»ի գրասենեակը ծառայեց իբրեւ տեղեկատուութեան կեդրոն՝ օտար կազմակերպութիւններու եւ գրասենեակներու համար:
Դեկտեմբեր 8, 1988ի առաւօտուն, ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց 18 երկիրներու մէջ գտնուող իր 16,000 անդամները: Բոլոր միաւորներն ալ, նոյնիսկ պատերազմի գօտիին մէջ գտնուող Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ), անմիջապէս ծանր աշխատանքի լծուեցան եւ իրենց լաւագոյնը ըրին օգնութեան հասնելու խոցուած հայրենիքին: Այս գրութեամբ միայն Կեդր. վարչութեան 1988 եւ 1989 տարիներու օժանդակութիւնները պիտի թուենք:
1. Սփիւռքահայերը սփոփելու համար, հեռախօսային յատուկ գիծեր հաստատուեցան 11 երկիրներու մէջ, աղէտի գօտիին վրայ գտնուող ազգականներու վիճակին մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ փոխանցելու համար:
2. Աղէտէն չորս օր ետք, երիկամունքներու մաքրութեան յատուկ մեքենաներու հրատապ խնդրանքը բաւարարելու համար, Baxter Healthcare ընկերութեան օժանդակութեամբ, Դեկտեմբեր 18, 1988ին, 36,000 քիլօ ծանրութեամբ երիկամունքներու մաքրութեան մեքենաներ Հայաստան ուղարկուեցան՝ բժիշկներէ եւ մասնագէտներէ կազմուած խումբի մը ընկերակցութեամբ: Առաջին խումբը օրական 20,635 հիւանդ խնամելէ ետք, Դեկտեմբեր 31ին, Ամերիկա վերադարձաւ: Մասնագէտներու երկրորդ խումբ մը 16 օրուան համար Հայաստան մեկնեցաւ, օրական 18-25 հիւանդ խնամեց եւ մեքենաներու գործածութեան վարժեցուց կարգ մը հիւանդանոցներու անձնակազմերը:
3. Աղէտի առաջին շաբթուան ընթացքին, ՀՕՄի գրասենեակին կողքին, «Քրայսլըր» ընկերութեան տրամադրած օդանաւով Հայաստան գործուղուեցաւ վնասուածքային բուժումներու մասնագէտներու խումբ մը:
4. Նաեւ, Կեդր. վարչութիւնը անմիջապէս 14,532 տոլար արժող որոնման եւ փրկութեան յատուկ մեքենաներ ուղարկեց:
5. Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրած հսկայական օդանաւերով (C-5 եւ C-141), Դեկտեմբեր 1988էն Փետրուար 1989, Ամերիկայէն Հայաստան փոխադրուեցաւ 300 թոն ապրանք (բժշկական գործիքներ, դեղորայք, հագուստեղէն եւ վրաններ), հաւաքուած՝ ՀԲԸՄի, Հայ աւետարանչական ընկերութեան, ՀՕՄի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ:
6. Յունուար 26, 1989ին, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհիին գլխաւորութեամբ, ՀՕՄի պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Հայաստան: Կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներու եւ քննարկումներու, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի եւ Երեւանի հիւանդանոցները կատարած այցելութիւններու միջոցով, պատուիրակութիւնը հաւաքեց տեղեկութիւններ, որոնք հիմք կազմեցին ՀՕՄի որդեգրած եւ ցարդ գործադրած ծրագիրներուն:
Պատուիրակութիւնը տեղեկացաւ նաեւ, որ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը իրազեկ դարձած է վերապրողներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններու գրանցման անհրաժեշտութեան, եւ այդ հիման վրայ՝ բնակիչներու առողջապահական վիճակի ուսումնասիրութեան եւ համապատասխան դարմանումի կարեւորութեան:
ՀՕՄը Միացեալ Նահանգներու «Ճոնզ Հոփքինզ» համալսարանին հետ գործակցաբար, ղեկավարութեամբ վերոյիշեալ համալսարանի ախտաբանութեան դասախօս բժիշկ Յարութիւն Արմէնեանի՝ ստանձնեց այս ծրագրի պատասխանատուութիւնը, որուն համար ՀՕՄը 189,000 տոլար յատկացուց:
7. Առողջապահական սոյն ծրագրին (data base) համար ՀՕՄը համաձայնութիւն կայացուց նաեւ Volunteers of Technical Assistance կոչուած միջազգային բարեսիրական կազմակերպութեան հետ, երկրաշարժէն վնասուած կարեւոր շրջանները համակարգիչներով օժտելու համար, որպէսզի վերոյիշեալ ուսումնասիրութեան տուեալները հոն ամբարուին:
8. ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Շրջանը (Արեւելեան Նահանգներ եւ Գանատա) Volunteers of Technical Assistance կազմակերպութիւնը միասնաբար հովանաւորեցին աշխարհահռչակ թաւջութակահար վարպետ Մսթիսլաւ Ռոսթրոփովիչի կողմէ տրուած համերգ մը, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 7, 1989ին, Ուաշինկթընի «Քենետի» կեդրոնին մէջ: Այս համերգէն գոյացաւ 100,000 տոլար: Վերոյիշեալ կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, Հայաստան ուղարկուեցան երշիկի գործարանի մը համար նախատեսուած գործիքներ եւ երեք անհատներ մարզուեցան Քանզըսի մէջ (ԱՄՆ): ՀՕՄը այս ծրագրին համար ծախսեց 59,000 տոլար: Դժբախտաբար, այս ծրագիրը զանազան պատճառներով կիսաւարտ մնաց:
9. ՀՕՄի կողմէ հովանաւորուած բժիշկներ՝ Նիւ Եորքի «Մոնթիֆիոր» բժշկական կեդրոնի Ճգնաժամային բժշկութեան տնօրէնը եւ նոյն հաստատութեան տնօրէնը, 1989ի Մարտին Հայաստան գացին եօթը օրուան համար եւ Հայաստանի բժիշկները մարզեցին սրտերակային բուժման մէջ եւ սերտօրէն գործակցեցան Հայաստանի երիկամունքներու բժշկութեան մասնագէտներու հետ:
10. ՀՕՄը ստանձնեց Հայաստանի հանրապետութեան հիւանդանոցին բժշկական Շտապ խնամքի բաժանմունքի սարքաւորումը, ինչպէս նաեւ բժիշկներէն երկուքին վերապատրաստութիւնը՝ Նիւ Եորքի «Մոնթիֆիոր» հիւանդանոցին մէջ: Այս ծրագիրը 30,000 տոլար արժեց:
11. ՀՕՄը կրցաւ ձրիաբար ապահովել վիրաբուժական գործիքներ (sure guns) եւ բժիշկներու համապատասխան պատրաստութիւն, որուն համար ճանապարհածախս յատկացուց 4000 տոլար:
12. 30 Օգոստոս 1989էն մինչեւ 12 Սեպտեմբեր 1989, ութ մասնագէտ հոգեբոյժներէ բաղկացած խումբ մը այցելեց Հայաստան, այս մարզին մէջ համագործակցութեան եզրեր ճշդելու եւ համաձայնութիւն կնքելու նպատակով: Ընդհանուր ճանապարհածախսը՝ 12,025 տոլար, յատկացուեցաւ ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան կողմէ:
13. Մարտ 23, 1989ին, ՀՕՄը գնեց եւ Հայաստան ղրկեց ամբողջական սարքաւորումներով երկու շարժական դարմանատուներ եւ «Միտլայնըր» քարշակ մը, Լենինականի շրջանին մէջ գործածուելու համար:
14. Սեպտեմբեր 1989ին, ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը 30,000 տոլարով մասնակցեցաւ Հայ հետազօտական հիմնարկութեան հովանաւորած՝ Հայաստանը համակարգիչներով օժտելու եւ անոնց գործածութեան համար վարժողական յատուկ ծրագիր մը գործադրելու ընդհանուր ծրագրին:
ՀՕՄի շրջանները եւ մեկուսի մասնաճիւղերը իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ, համագաղութային հանգանակութիւններուն մասնակցեցան, ապրանքներ հաւաքեցին, դասաւորեցին եւ անմիջական օգնութիւն հասցուցին երկրաշարժի աղէտեալներուն:
Թուենք քանի մը նպաստներ.
Գրաշէնի, Նոյեմբերեանի, Սարիարի եւ Ախուրեան գիւղերուն մէջ բնակարաններու կառուցում, Վանաձորի համալսարանին մէկ շէնքին վերաշինութիւն, Ախուրեանի «Նիկոլ Աղբալեան» վարժարանի վերանորոգութիւն, Լենինականի (Գիւմրի) եւ Սղիտակի մէջ հոգեբանական կեդրոններու մաքրութեան մեքենաներ, ելեկտրականութիւն արտադրող սարքեր, արուեստական անդամներու (Prosthesis) կեդրոն, վիրահատութեան գործիքներ, ատամնաբուժական, ակնաբուժական եւ հոգեբանական խնամք, 60 բոյժ քոյրերու վերապատրաստութիւն, դեղորայք, հացի փուռեր, ուտեստեղէն՝ մանաւանդ փոշի կաթ, հանդերձեղէն, անկողիններ, վերմակներ, վրաններ, օճառ եւ այլն հայրենիք հասցուցին:
Եզրափակելով ըսենք, թէ Հայաստանի երկրաշարժին առիթով կատարուած միջազգային օգնութիւնը աննախընթաց էր: Դեկտեմբեր 7, 1988էն մինչեւ Սեպտեմբեր 1989, 67 երկիրներ 117 միլիոն տոլար նուիրած են՝ չհաշուելով սարքերու, մեքենաներու, սննդեղէնի, դեղերու, հագուստեղէնի եւ այլ պաշարներու նուիրումը, որոնց յաւելումով, օգնութեան ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի բազմահարիւր միլիոն տոլարներով:
ՀՕՄն ալ իր կարգին, աշխարհասփիւռ իր մասնաճիւղերով, ճիգ ըրաւ տալու իր լաւագոյնը, եւ որուն համար հրապարակաւ շնորհակալութիւն կ՛ուզէ յայտնել իրեն նեցուկ կանգնող բոլոր հայ եւ օտար կազմակերպութիւններուն եւ ազնուասիրտ անհատներուն՝ միաժամանակ խոստանալով միշտ հաւատարիմ մնալ իր կոչումին՝ մի՛շտ իր սիրելի ժողովուրդին հետ եւ մի՛շտ իր սիրելի ժողովուրդին համար: