ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Յունիս 7-11 ժամանակահատուածին, ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը հիմնադրամային արժոյթին մէջ գնած է 11.6 միլիոն տոլար՝ 373.83 միջին փոխարժէքով, կանխելով դրամի հետագայ արժեւորումը:
Վերջին շաբթուան ընթացքին դրամը համեմատաբար դրսեւորած է կայունութիւն՝ տատանուելով 1 տոլար/372-377 դրամի միջեւ։ Յունիս 14ին դրամարժոյթին մէջ պահպանուած է յարաբերական հանգիստը. վաճառուած է 650 հազար տոլար 374.3 դրամ միջին փոխարժէքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.