
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ Ուրբաթ, Յունիս 4ին, հանդիպում մը ունեցած են Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վիքթոր Կորտոյի հետ, որ կը ներկայացնէ քաղաքին 5րդ ընտրատարածքը:
Հանդիպումը մաս կը կազմէր շրջանի քաղաքական եւ ընկերային կազմակերպութեանց ղեկավարներու հետ հանդիպումներու շարքին, որուն նպատակն է այդ կազմակերպութեանց եւ հայկական համայնքին միջեւ յարաբերութեանց սերտացումը:
Ըստ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Իշխան Պօղոսեանի, Կորտօ վերջին տասնամեակին Փասատինայի քաղաքական կեանքին մէջ ազդու դէմքերէն մէկը դարձած է եւ կրցած է սերտ կապեր հաստատել հայկական համայնքին հետ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս գործակցութեան շնորհիւ, աւելի մեծ թիւով հայեր կը նշանակուին իբրեւ անդամ քաղաքի զանազան յանձնաժողովներու մարմիններուն մէջ:
Քննուած հարցերուն մէջ կային քաղաքի ամավարկը եւ քաղաքացիներուն լաւագոյն սպասարկութիւնները ապահովելու կարելիութիւնները: Կորտօ նաեւ տեղեկութիւններ ստացաւ քաղաքի նոր Հայ կեդրոնին մասին, եւ խոստացաւ հայկական համայնքին հետ հանդիպում մը կազմակերպել: