Ծ. Խ.- 5 եւ 6 Յունիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ներկայութեամբ ու հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւն, ձեռամբ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Նորընծաները կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցան եւ վերանուանուեցան մեր եկեղեցւոյ վաստակաշատ հոգեւոր հայրերու անուններով՝ Վարդան, Հրանդ եւ Արտակ։ Ստորեւ, այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանին ուղղած պատգամը.-
Փառք եւ գոհութիւն կը վերառաքեմ Աստուծոյ, որ մեզ բոլորս արժանի ըրաւ այս հոգեպարար օրուան, անարժանիս միջոցաւ ձեռնադրելու իր այգիին համար նոր երեք մշակներ, հրաւիրելով զանոնք ծառայելու իրեն՝ մեր եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով։
Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ս. Աթոռոյս արժանընտիր գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ ինծի ընծայեց այս պատիւը՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Ս. Սեղանին առջեւ կատարելու երեք ընծայեալներու քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը։
Երէկ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն մենք նշեցինք յիշատակը մեր հաւատոյ հայր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապի տօնին։ Բազմաչարչար Սուրբը Քրիստոսի հաւատաւոր խոստովանողը մնաց, հակառակ ամէն տեսակի նեղութեանց եւ տառապանքներուն, որովհետեւ Տէրն էր իր գոյութեան միակ յոյսն ու ապաւէնը եւ իր կեանքին աղբիւրը։
Նոյն այս տօնի խորհուրդով լի, երէկ երեկոյեան մենք կատարեցինք քահանայական կոչման արարողութիւնը երեք նորընծայեալներուն, որոնք իրենց կամքի ու սրտի յօժարութեամբ դիմեցին այս կարգին, վստահ ըլլալով՝ թէ ո՛չ ոք կրնայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երթալ՝ եթէ երբեք Հայրը իրեն չբերէ։ Ընծայեալները հեզութեամբ, խոնարհութեամբ ու սիրով ընդունեցին տանիլ Քրիստոսի լուծը եւ կամաւորապէս հետեւիլ Կենարարին։ Անոնք, մեծ սիրով բռնկած, յանձն առին իրենց խաչը առնել ու Տիրոջ պատուէրները գործադրել, որովհետեւ «Տիրոջ պատուէրները լոյս են ու աչքերը կը լուսաւորեն»։ Մեր աղօթքն է ու մաղթանքը, որ անոնց մտքի աչքերը լուսաւորուին Տիրոջ պատուէրներով, եւ Քրիստոսի գիտութեան լոյսը իրենց մէջ լոյսի՛ վերածուի։
Նոյն այդ արարողութեան պահուն, անոնք նզովեցին հերետիկոսներն ու հերձուածողները, ինչպէս որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ խափանեց չարը, նզովեց սուտ կրօնը ու դէմ կեցաւ անոր պաշտամունքին։ Անոնք խոստացան պահպանել ու հետեւիլ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքին, առաքեալներու եւ մեր հայրապետներու, եռամեծ վարդապետներու ճշմարիտ ուսուցումներուն, այնպէս ինչպէս մեր հաւատոյ հայր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը անխախտ մնաց իր հաւատքին մէջ՝ խոստովանելով որ Տէ՛րն է Արարիչը երկինքի եւ երկրի, Աղբիւրը իր կեանքին ու ճշմարիտ Աստուածը մեր կեանքին։
Այսօր տօնն է Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի, տօնը՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հաստատութեան։ Տօնն է շինութեան լուսոյ մեր խորանին, որով Հայաստան աշխարհը եւ հայ մշակոյթը լուսաւորուեցան Աստուածգիտութեան լոյսով ու պայծառացան Տիրոջ օրէնքներու ճառագայթումով։ Եւ այս տօնին խորհուրդով լեցուած, դուք, սիրելի՛ հաւատացեալներ, մասնակից եղաք տպաւորիչ, յուզիչ, բայց մանաւանդ հոգեպարար այս արարողութեան։ Մեզի հետ դուք եւս խնդրեցիք Աստուածային երկնաւոր շնորհքը, որ միշտ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ ծառայութեան կարիքները կը բաւարարէ, եւ որ սարկաւագութենէ քահանայութեան կարգին կոչեց երեք ընծայեալները, Ս. Եկեղեցիին ծառայելու համար, իրենց անձերուն եւ ամբողջ ժողովուրդին վկայութեան համաձայն։
Ես իմ ձեռքս դրի անոնց վրայ եւ հրաւիրեցի ձեզ բոլորդ՝ ինծի հետ աղօթելու, որպէսզի իրենք արժանի ըլլան քահանայական աստիճանը անարատ պահելու Աստուծոյ Ս. Սեղանին առջեւ։ Աղօթեցինք, որ Աստուած անսասա՛ն պահէ զիրենք քահանայութեան կոչումին մէջ։ Աղօթեցինք, որ Աստուած զգաստ սիրտ շնորհէ իրենց, որպէսզի զգուշութեամբ պահեն Տիրոջ պատուիրանները, եւ սիրեն Տէրը ամբողջ զօրութեամբ եւ սրտով եւ ամբողջ մտքով։ Աղօթեցինք, որ ըլլան մշակներ՝ որ ամչնալիք որեւէ բան չունենան, եւ ուղիղ կերպով ուսուցանեն հաւատքի ճշմարտութիւնները ու դառնան տաճար Սուրբ Հոգիին։ Անոնց տուինք Յիսուս Քրիստոսի քաղցր լուծը, որովհետեւ Յիսուսի լուծը քաղցր է եւ Անոր բեռը՝ թեթեւ։ Անոնք արդարութեան զրահ եւ փրկութեան սաղաւարտ առին իրենց գլխուն, փրկութեան զգեստ եւ ուրախութեան նորակերտ պատմուճան հագան։ Անոնք նաեւ Ս. Հոգւոյ շնորհքներով եւ Ս. Միւռոնի օծումով նոր անուններ ստացան, հոգւով ու էութեամբ իրենց մէջի հին մարդը ձգելու ու նոր մարդը ընդունելու։
Ի՜նչ հրաշալի բան է տեսնել, թէ անձ մը, այս պարագային Դպրեվանքէն շրջանաւարտ մեր սարկաւագները, տարիներու պատրաստութենէ, կազմաւորումէ, դաստիարակումէ ու աղօթքներէ ետք, եկան անդառնալի ուխտ մը կատարելու, յանձնառութեամբ ծառայելու Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին, այդպիսով՝ անդամ դառնալով մեր միաբանութեան եւ Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին։
Այսօր անոնք նոր անունով մկրտուեցան. այնպէս ինչպէս Ս. Մկրտութեան պահուն Քրիստոսի հետ մեռնիլ ու յարութիւն առնել կայ, այստեղ ալ հին մարդը մէկդի թողուլ կայ, վերջնականապէս նոր կեանքի մտնել կայ՝ քահանայութեան ճամբով։
Սիրելի՛ նորընծաներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ կÿաղօթեմ որ ձեր հաւատքի ուխտին եւ յանձնառութեան ու առաքելութեան մէջ մնաք հաստատ, Ս. Հոգին միշտ ուղղիչ ու առաջնորդ ունենալով։ Ձեր կեանքի տեւողութեան եղէք յանձնառու ձեր նպատակներուն, մնացէք հաստատ եկեղեցւոյ ու ազգի առաքելութեան մէջ, եւ անշեղ՝ ձեր տեսիլքներուն ու սկզբունքներուն մէջ։
Դուք պատգամաբերները պիտի ըլլաք Տիրոջ խաղաղութեան։
Դուք պիտի ղրկուիք բարի լուրը աւետելու մեր ժողովուրդին։
Ձեր ծառայութեան գլխաւոր առանցքը դարձուցէք մեր Տիրոջ օրինակը, եւ մեր եկեղեցւոյ սրբութիւններուն, աւանդութիւններուն ու ազգային ժառանգութիւններուն պաշտպանն ու զարգացնողը եղէք։
Եղէք եւ մնացէք հաւատարիմ մշակները Տիրոջ այգիին մէջ։
Եղէք համբերող, հեզ եւ երբեք չընկրկող։
Եղէք խոհեմ եւ իմաստուն ձեր խորհուրդներուն, ձեր որոշումներուն ու զրոյցներուն մէջ։
Երէկ, Աստուծոյ Ս. Սեղանին առջեւ եւ իր աներեւոյթ ներկայութեան, Վեհափառ Հայրապետին, մեր միաբանութեան ներկայութեան եւ ի լուր ժողովուրդին, ձեր ուխտը կատարեցիք։
Մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ ապրեցէք ու գործեցէք ժրաջանութեամբ, Աստուծոյ խօսքին ճշմարիտ քարոզիչն ու պաշտպանը եղէք։
Ամէն օր յիշեցէք ձեր ուխտը։ Շատ փորձանքներ ու փորձութիւններ կան մեր կեանքի ու հաւատքի ուղեւորութեան մէջ։ Արթո՛ւն մնացէք։
Ուխտեցիք աչալրջութեամբ հետեւիլ մեր հայրերու վարքին ու գործունէութեան, ու հաւատարիմ պաշտպանը ըլլալ մեր Եկեղեցւոյ։
Հետեւեցէք մեր նախնիներուն, ընդունելով «Աւետարանը իբրեւ Հայր եւ Առաքելական Եկեղեցին իբրեւ Մայր», եւ մնացէք հարազատ զաւակները անոնց։
Մինչեւ վախճանը ձեր կեանքին՝ մնացէք Ս. Աթոռին հաւատարիմ, Վեհափառ Հայրապետին՝ հնազանդ, միաբանութեան կանոնագրութեան հետեւող։
Դուք այսօր կը միանաք Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին, իբրեւ զինուորագրեալներ մեր միաբանութեան եւ մաս կը կազմէք Անթիլիասի հաւատքի առաքելութեան։
Ձեզի տրուած անունները պատահական չեն, անոնք մեր դարաւոր ու Ս. Աթոռոյս ծառայութեան նուիրեալ հոգելոյս միաբաններու անուններն են՝ Արտակ, Վարդան եւ Հրանդ։ Ձեր կեանքով ու առաքելութեամբ մնացէք ուխտապահ միաբաններ, ինչպէս իրենք իրենց ուխտին հաւատարիմ ծառայութեամբ գործեցին ու անմահացան։
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ