ՄՈՍԿՈՒԱ.- Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսկի խումբի համանախագահները Յունիս 21ին հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, ուր խստօրէն կը դատապարտեն ուժի գործածութիւնը ղարաբաղեան ճակատի վրայ, եւ ափսոսանք կը յայտնեն արձանագրուած զոհերուն համար:
Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Պեռնար Ֆասիէի եւ Ռապըրթ Պրատթքիի կողմէ ստորագրուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ.
«Ըստ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեանց հրապարակած տեղեկագրութեանց, Յունիս 18-19 գիշերուան ընթացքին զինեալ միջադէպ մը տեղի ունեցած է շփման գիծի հիւիսային հատուածի վրայ՝ պատճառ դառնալով մարդկային կորուստներու:
«Համանախագահները խստօրէն կը դատապարտեն ուժի գործածութիւնը եւ կ՛ափսոսան մարդկային անտեղի կորուստներուն համար: Այս միջադէպը անընդունելի խախտում է 1994ի հրադադարի համաձայնագրին, եւ խոտոր կը համեմատի ուժի գործածութենէն ետ կանգնելու եւ ուժ գործադրելու սպառնալիք չկատարելու հրապարակուած յանձնառութեանց: Միջադէպը տեղի ունեցաւ Յունիս 17ին Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն անմիջապէս ետք. հանդիպում, որ Ռուսիոյ նախագահի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած էր՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ բանակցութիւնները յառաջ տանելու նպատակով: Ուժի գործադրութիւնը յատկապէս այս պահուն, միայն կրնայ վնաս հասցնել խաղաղութեան գործընթացին:
«Հետեւաբար, համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն զսպուածութիւն ցոյց տալու սահմանագիծին վրայ, ինչպէս նաեւ իրենց հրապարակային արտայայտութեանց մէջ՝ իրենց ժողովուրդները տրամադրելու համար ի նպաստ խաղաղութեան, այլ ոչ թէ պատերազմի: Համանախագահները կը վերահասատատեն, որ պատերազմը անընդունելի է եւ հակամարտութիւնը խաղաղ բանակցութեանց ճամբով կարգաւորելու տարբերակէն բացի այլընտրանք չկայ»:
Եւրոմիութեան Հարաւայն Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչ Փիթեր Սեմնեպի, որ պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով Երեւան ժամանած էր շաբաթավերջին, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ բացառիկ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ատրպեճանական Զինեալ ուժերու յարձակողական գործողութեան անդրադառնալով՝ տեղի ունեցածը «ցաւալի միջադէպ» որակած է եւ նկատած, որ պատահածը կը փաստէ, թէ շփման գօտիին վրայ «իրավիճակը լարուած է, եւ դիւրութեամբ կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ»:
Եւրոպացի պաշտօնեային կարծիքով, անհրաժեշտ է ձեռնարկել «բոլոր հնարաւոր միջոցներու՝ լարուածութիւնը մեղմելու համար, ինչ որ ինքնին կը նպաստէ նաեւ բանակցութիւններու ընթացքին լուծումներ գտնելու ճիգերուն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.