ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վան-Վասպուրականի հերոսական ինքնապաշտպանութեան 95ամեակին առիթով, Վան-Վասպուրականի հայրենակցական միութեան ուղղած իր հայրապետական օրհնութեան գիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կը յիշեցնէ, թէ Վան-Վասպուրականի քաջարի ժողովուրդը իր հաւատքի զօրութեամբ ու միասնական ոգիով դէմ կեցաւ թշնամիին՝ պաշատպանելով իր ազգային արժանապատուութիւնը:
Նոյն օրհնութեան գիրին մէջ վեհափառը կ՛ըսէ. «Հայրենիքի հզօրացումը, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ու հատուցումով, պէտք է կազմեն մեր բոլոր կառոյցներու, յատկապէս՝ հայրենակցական միութիւններուն եւ հասարակական ու ազգային կազմակերպութիւններու օրակարգի առաջնահերթութիւնները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.