ՋԱՒԱԽՔ, «ՓանԱրմինիըն».- Ըստ Հայաստանի Ազգային Նէօ-պահպանողական շարժման (ԱՆՇ) յայտարարութեան, Աճարիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտին հետեւանքով, կը շարունակուի տուժած ընտանիքներու վերաբնակեցումը Վրաստանի արեւելեան հատուածին մէջ: Խուլոյի մէջ սողանքներու հետեւանքով տուժած 14 ընտանիքներու համար բնակելի տուներ յատկացուած են Նինոցմինտայի շրջանի (Սամցխէ-æաւախք) Քորելովկա գիւղին մէջ։
«Ատիկա կը կոչուի մէկ հարուածով սպաննել երկու նապաստակ: Առաջին հայեացքով, ատիկա մարդասիրական ծրագիրի տեսք ունի, իսկ իրականութեան մէջ՝ վրացական իշխանութիւնները մէկ կողմէն հայաբնակ շրջանները (Հայաստանի հետ սահմանին վրայ) «կը նօսրացնեն» աճարացիներով, իսկ միւս կողմէ՝ Աճարիան «կ՛ազատեն» ցեղային աճարացիներէ: Ի դէպ Խուլօ շրջանը Աճարիոյ այն քիչ տարածքներէն է, ուր գրեթէ 100 տոկոսով կը գերակայէ աճարական բնակչութիւն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.