ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ունիմ գեղադէմ, խելացի, երկարահասակ ու չափազանց աշխատասէր եղբօրորդի մը, որ հակառակ 40ի բարեւ տուող տարիքին, դեռ պատանիի սիրով կապուած է իր… կարմիր BMWին, եւ վստահ եմ, որ երբ հայելիէն ինքզինք կը դիտէ, 24 տարեկան երիտասարդի մը պատկերը անոր աչքերուն կը ցոլարձակէ։ Գեղամը այն բախտաւորներէն է, որոնք տարիքի գիտակցութիւն չունին, մէկ խօսքով՝ յաւիտենական երիտասարդներ են, տեսքով ու մտայնութեամբ։ Որո՞ւն պիտի քաշէ, անշուշտ թէ հօրեղբօրը…
Գեղամը մեր ձեռնարկութեան տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ կատարեալ արհեստավարժութեամբ։ Օրուան ընթացքին օտար ու հայ յաճախորդներ անպակաս կ՛ըլլան մեր աշխատանոցին կից անոր գրասենեակէն։ Ոմանք արդէն քանի մը անգամ եկած ըլլալով՝ ընտանիքի անդամներու նման վարժ են ամուրի ու գեղադէմ, յատկապէս՝ չափազանց կիրթ մեր տնօրէնին:
Ամուրի աղջիկներ ու ամուսին կոչուած «սարսախներէն» բաժնուածներուն ալ թիւը զանցառելի չէ. անոնք իրենց խաժ աչքերը խոշոր-խոշոր բացած՝ հմայուածի, «մակնիսացածի» նման կը նային ու կը հիանան հաւանական փեսացուին վրայ:
Շատ անգամ, երբ Գեւինը, այսպէս կը կոչեն զինք իր երկրպագուները, համակարգիչի ետին զբաղ է վթարի մը հաշուեցոյցը պատրաստելով, գաղտագողի մեզի հարց կը տրուի. «Արդեօք ձեր եղբօրորդին ամուրի՞ է տակաւին…»: Եւ շաբաթ չանցնիր, որ եղբայրս ու ես, կամ մեր ընտանիքի անդամները դէպի խորան նետուելիք քայլին առնչութեամբ չխրախուսենք դերասանի նմանող գեղադէմ Գեղամը։
Արդար ըլլալու համար, բարեսիրտ ու ազնուական այս տղան, քանի-քանի անգամներ լրջօրէն փորձեց «տէյթ»ի երթալ հաւանական հարսնցուներու հետ։ Վերադարձին, գալուածքէն ու նայուածքէն յայտնի կ՛ըլլար, որ անհամ բան մը պատահած է. կա՛մ աղջկան խօսակցութիւնը, այսինքն՝ «ինթելեքթը» չէ հաւնած, կա՛մ ալ անոր ձայնը առնական գտած է, առանց բացառելու այն թեկնածուները, որոնք պահանջներու ամբողջ ծրարով մը եկած ու առաջին հանդիպումէն, տակաւին խեղճ տղուն իրենց չքնաղ համբոյրը համտեսել չտուած՝ ահազանգի մատնած են զայն…
– Ոմանք ալ,- գանգատեցաւ եղբօրորդիս,- իրենք իրենց այդքան կարեւորութիւն կու տան եւ այնպիսի մեծ կարծիք կազմած են իրենց անձին մասին, տակաւին այն սին համոզումը կը պտտցնեն իրենց հետ, թէ իրենց յարմար փեսացուն, հազար տարին անգամ մը կը ծնի, այն ալ կայսեր, կամ ալ՝ Քոնթէ Մարթելի տոհմէն…
Տարիներէ ի վեր կը շարունակուի խեղճ տղուն փնտռտուք-գողգոթան։ Սակայն ողջ մնան մեր հայաստանցի քարէն հաց հանող, ճարպիկ եղբայրները… Յաճախորդ մը ունէինք, տարիքը առած յարգելի մարդ մը, որ Գեղամը տեսած վայրկեանէն, կարծես «սիրահարուեցաւ» անոր, ու ճիտին պարտքը համարեց իր ամուրի ազգականներէն «ամէնից սիրունը», կամ «լաւիկը» մեր Գեղամին կնութեան տալ:
Յաջորդ օրը լուսանկարով մը զինուած եկաւ, կաթողիկոսի ծանրութեամբ ու շուքով նստաւ գրասենեակին ամէնէն պատուաւոր անկիւնը։ Սուրճ պատրաստեցինք, խմեց ու Գեղամին համար գտած աղջկան այնքան գովքը հիւսեց, քիչ մնաց, որ ներկաներս պահ մը մոռնայինք մեր ամուսնական կարգավիճակը…
Ու կրօնական արարողութեան նմանող թատերական շարժումով, գրպանէն հանեց լուսանկարը եւ ինծի երկարեց՝ կարծես իմ դրական կարծիքս ու զօրակցութիւնս ապահովելու փորձով, մատնացոյց ըրաւ հայաստանցի դշխոն, որ, անկեղծ ըլլալու համար՝ աչքառու էր եւ իգական շնոհներով զարդարուած։
– Փրոֆեսէօր աղջիկ ա՛…,- բացատրեց միջնորդ տէր պապան։
Առաջին տպաւորութիւնս դրական էր։ Սակայն ես չէի փեսացուն։ Նկարը Գեղամին երկարեցի՝ խմբանկարէն թեկնածուն մատնանշելով։ Անոր հետաքրքիր, կեդրոնացած ու քննական սեւեռումէն յայտնի էր, թէ գովուածին չափ սիրուն ու ներկայանալի էր մեր ապագայ հարսնցուն։
Միջնորդին հետ համաձայնեցանք, որ աղջիկը, իբրեւ թէ մեքենային մէջ կատարուելիք նորոգութիւն մը պատրուակելով՝ աշխատանոց պիտի այցելէր ու իրարմէ իբրեւ թէ անտեղեակ, պատահմամբ, իրարու պիտի ծանօթանային:
Ամերիկայի մէջ ժամանակը այնքա՛ն շուտ կը թաւալի… Քանի մը ամիս ետք դարձեալ յայտնուեցաւ միջնորդ տէր պապան։ Գրասենեակ հրաւիրեցինք։ Զիս մէկ կողմ քաշեց, ու իրեն ընկերակցող յիսուննոց հայուհին ցոյց տալով՝
– Ահա, բերեցի…,- շշնչաց։
– Ի՞նչ բանը բերեցիր,- հարց տուի,- աղջկան մամա՞ն…
– Չէ, ի՛նքը, հարսնցուն։
– Բայց ասիկա լուսանկարին աղջիկը չէ,- իր անկիւնէն գանգատեցաւ Գեղամ՝ զայրոյթը հազիւ զսպելով։
Կը վախնայի, որ մարդուն դուրս նետէր գրասենեակէն՝ զինք ապուշի տեղ դնելուն համար։ Հայաստանցի մեր եղբայրները ինչո՞ւ սփիւռքահայը միամիտ ճճիի տեղ կը դնեն, չեմ հասկնար։
Լաւ մը զննեցի բերած ապրանքը. նախորդին հետ ոչ մէկ նմանութիւն՝ ո՛չ ֆիզիքական, ո՛չ տարիքային, ոչ ալ սիրունութեան տեսակէտով…
Գեղամ, մորթուելու տարուող գառնուկի նման մերթ ինծի կը նայէր, գութ հայցելու, մերթ կնկան։ Այո, հայաստանցիին բերածը կարգին կին կ՛երեւէր, սակայն ոչ ճէյրանի նման այդ միւսը:
Միջնորդը դարձեալ ինծի դիմեց, որ բարեխօսէի Գեղամին մօտ, որպէսզի նորեկ թեկնածուն գէթ «մի անգամ» դուրս հրաւիրէր։ Երթային մի քիչ զրուցելու ու ման գալու. «Չես իմանում, մի գուցէ՛…»:
– Բոլոր յարգանքներովս, ասիկա պատկերին աղջիկը չէ,- ըսի քաջութիւնս հաւաքելով,- ատիկա աւելի երիտասարդ ու մարալիկ էր:
– Լաւ, արա՛, համը հանեցիք, աղջիկը աղջիկ ա, կարեւորը լաւ ընտանիք ու բոյն կազմելն է…
– Նայէ՛ բարեկամ, ես գիտեմ եղբօրորդիիս ճաշակը, անիկա ճահել է սիրում… կամաց մը վերցուր խեղճ կինը ու հեռացի՛ր:
– Ի՞նչ կարող էի անել,- արդարացաւ ան,- միւսը՝ մօտիկից հետաքրքրուող շատ լուրջ թեկնածու ունէր… ասինք ձեռքներս պարապ չգնանք…
– Ուրեմն մեզ, սա հաշուով, չվաճառուող ապրանքին յարմար տեսար…,- ըսի՝ առանց յուզումս զսպել կարենալու,- ա՛յ մարդ, ամօ՛թ է, մարդ քիչ մը արժանապատուութիւն կ՛ունենայ, մի քիչ կուլտուրա… թէ ոչ կը կարծես, որ ամէն սփիւռքահայ կնկայ համար սովա՞ծ է մը…
Գլուխը օրօրելով ձգեց գնաց:
Ամիսներ ետք, միջնորդը խնդալով ներս մտաւ ու բան մը չպատահածի պէս ինքզինք գրասենեակ նետեց՝ ցնցիչ լուրը աւետելու։
– Եղբօրորդիդ ամուսնացա՞ւ մը,- հարց տուաւ ան խուզարկու շեշտով։
– Չէ, բայց այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի տակաւին:
– Մի լաւ լուր ունեմ. էդ նախկինը դեռ ազատ է:
– Ո՞ր մէկը, է՛ն լաւի՞կը:
– Այո՛, հէ՛նց նա:
– Նախորդին նման խնձոր ցոյց տալէ ետք յանկարծ մեզի «խիյար» մի փորձեր ծախել…
Քահ-քահ խնդաց, կարծես քաջագործութիւն մըն էր ըրածը։
– Չէ, այս անգամ հարազա՛տն է։
Գեղամը ինծի դարձաւ.
– Ամմօ՛, կը վախնամ այս մարդուն թակարդը երկրորդ անգամ իյնալէ։
– Սարսափելիք ի՞նչ կայ,- հարց տուաւ միջնորդը։
– Ամմա՛ ջիղ ունիս եղե՛ր,- գոռացի կէս կատակ, կէս իրական,- խնձոր ցոյց տուիր, բայց քիչ մնաց խեղճ փեսացուին «խիյար» պիտի կերցնէիր…
Իսկ փեսացուն, հազիւ լսելի ձայնով՝
– Եթէ աղջիկը հետաքրքրուած է,- մրմնջեց տարակուսանքով,- թող ի՛նք email-ով հետս կապուի…