ԾԱՂԿԱՁՈՐ, »Ազատութիւն«.- Հայաստանի գրողներու միութեան Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մէջ Յունիս 29ին բացուեցաւ Գրողներու համահայկական 5րդ համաժողովը, որուն կը մասնակցին աւելի քան 300 պատուիրակներ:
20 երկիրներէ ժամանած շուրջ 90 սփիւռքահայ գրողներուն եւ անոնց հայաստանցի գրչակիցներուն քննարկումները յառաջիկայ օրերուն նուիրուած պիտի ըլլան »Նոր իրականութիւն եւ նոր գրականութիւն«, »Հայ գրականութիւնն արդի աշխարհի համաթեքսթում«, »Ժամանակակից Գրողներու 5րդ համահայկական համաժողովի դահլիճում հայ գրականութեան միջազգայնացումը«, »Գրական մամուլը Հայաստանում եւ Սփիւռքում« եւ այլ խնդիրներու:
»Որքան հնարաւոր է՝ աւելի՛ մօտենալ կեանքին եւ ոչ թէ օդում սաւառնել, ինչպէս որ՝ մեր շատ պօէտներ: Ազգային մտածողութիւն եւ ո՛չ դրսից եկած տարբեր գրական եւ այլ կարգի հոսանքներ ու ոճեր: Երկու ոտքով՝ մայր հողի վրայ«, ըսած է համագումարի պատուիրակ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Վազգէն Գաբրիէլեան:
Իր հերթին, գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան գրականութեան խնդիրներու շարքին կարեւոր համարած է՝ »հայոց լեզուի համար շարունակուող պատերազմը, որ այսօր վտանգի է ենթարկւում«, »գրականութեան ուսուցումը դպրոցում, ԲՈւՀերում, որը ոտնահարւում է«:
Սփիւռքահայ բանաստեղծուհի, երուսաղէմաբնակ Անոյշ Նագգաշեան, անդրադառնալով սփիւռքահայ գրականութեան խնդիրներուն՝ յայտնած է, թէ ժամանակի հետ կը փոխուին նաեւ թեմաները. օրինակ, Մեծ Եղեռնէն ետք Սփիւռքի մէջ նիւթը հայապահպանութիւնն էր։ Ամենացաւալին, ըստ Նագգաշեանի, այն է որ հայ գրողները Սփիւռքի մէջ սկսած են գրելու ոչ հայերէնով:
Պոլսոյ մէջ հրատարակուող »Մարմարա« օրաթերթի հիմնադիր ու խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան նոյնպէս ցաւով խօսած է Սփիւռքի մէջ տարուէ տարի աւելցող օտարագիր հայ գրողներու թեմային մասին: Անոր համոզումով, օտար լեզուով գրուող գրականութիւնը դժուար է հայ գրականութիւն կոչել: »Որովհետեւ գրականութիւնը ինչ լեզուով որ կը գրուի, այդ ազգին, այդ ժողովուրդին կը պատկանի«, ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ իր կարծիքով, Սփիւռքի մէջ հայ գրականութիւնը կը դիմանայ եւս 15 տարի։ »Իսկ անկէ ետք՝ եթէ հրաշք չպատահի… Բայց ես հրաշքի հաւատացողներէն եմ, քանի որ հայ ժողովուրդը քանիցս հրաշքներ իրագործած է…«, յայտնած է Հատտէճեան:
Արձակագիր Ռուբէն Յովսէփեանի համոզումով, կարեւորը՝ գրելն է։ »Թող նոյնիսկ գրամոլները գրեն, թո՛ղ գրեն, մի բան դուրս կը գայ«, ըսած է ան:
Նշենք, որ նոյն օրը, համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Էջմիածին եւ հիւրընկալուեցան Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ: Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան վեհափառին ներկայացուց համաժողովի մասնակիցներն ու ժողովի օրակարգը: »Ամէն անգամ գալիս ենք ստանալու Մայր աթոռի եւ Ձեր օրհնութիւնը, որը կարեւոր նշանակութիւն ունի հոգեւոր եւ գիտամշակութային կապերի համար«, նշեց Լ. Անանեան։
Իր կարգին, վեհափառ հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց գրողներու այցելութեան առթիւ, եւ նշեց, թէ Մայր աթոռը ծննդավայրն է գիրի ու գրականութեան. հոն գրողները պիտի ներշնչուին, հաղորդուին անցեալին, ու Աստծոյ հետ հաղորդակցութեամբ՝ առաւել պիտի յստակեցնեն իրենց առաքելութիւնը:
»Այժմ հանդիպում են բազմաթիւ հրապարակումներ, որոնք ոչ թէ կրթող, այլ աւելի քայքայիչ, վնասակար են, որոնք վրդովմունք են առաջացնում ձեզանից շատերի մէջ եւ յաճախ գայթակղութիւն հանդիսանում: Այս երեւոյթներն աւելի մեծ չափով են շեշտադրում պարտականութեան զգացումը, եւ կարեւորւում է գրողի կերպարը՝ դրական յատկանիշներով, որպէս օրինակ երիտասարդութեան համար«, ըսաւ վեհափառը եւ պատասխանեց գրողներու հարցումներուն, որոնք յատկապէս կը վերաբերէին Վիրահայոց թեմի կարգավիճակին ու հայկական եկեղեցիներու վերադարձման խնդիրին, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի մէջ օտարալեզու դպրոցներու, հանրակրթական դպրոցներու մէջ »Հայ Եկեղեցու պատմութիւն« առարկայի դասաւանդման, Սփիւռքի համար կրօնքի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասագիրքերու հրատարակութեան եւ այլ հարցերու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.