ՄԱՐՍԷՅ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մարսէյի մէջ մասնակցած է ՀԲԸՄ Մարսէյի մասնաճիւղի 100ամեակին նուիրուած տօնական համերգին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած են Միշել Լըկրան, Էլեն Սեկարա, Փաթրիք Ֆիորի, Անտրէ Մանուկեան եւ ուրիշներ:
Նախարար Յակոբեան ՀԲԸՄ Մարսէյի մասնաճիւղի ատենապետ Սահակ Քարալեքեանը պարգեւատրած է սփիւռքի նախարարութեան «Նուպար Փաշա» շքանշանով:
Այցելութեան վերջին օրը՝ Յունիս 27ին, Հ. Յակոբեան հանդիպած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի՝ (CCAF) Մարսէյի մասնաճիւղի անդամներուն հետ, նաեւ Մարսէյի Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է Պօղոս Նուպար Փաշայի յիշատակին նուիրուած կիրակնօրեայ պատարագին, այնուհետեւ ծաղկեպսակներ դրած՝ Միսաք Մանուշեանի արձանին եւ Մարսէյի Պոմոն թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին դիմաց: Տիկին Յակոբեան հանդիպած է նաեւ Մարսէյի «Արամ» հետազօտութիւններու եւ արխիւացման կեդրոնի տնօրէն Կարպիս Արթինի հետ:
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» ակումբին մէջ, Հ. Յակոբեան հանդիպած է ՀՅԴ եւ կից կառոյցներու («Կապոյտ Խա»չ (ՀՕՄ), «Նոր Սերունդ», «Պատանեկան միութիւն», ՀՄԸՄ, «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային ընկերակցութիւն») ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Պարաքեանի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.