
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Օգնութեան միութեան 100ամեակի առթիւ Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած «Ինչպէ՞ս կրնաս օգտակար ըլլալ հայրենիքիդ» խորագրով շարադրական մրցումը ունէր երկու դասաւորում՝ միջ-վարժարանային եւ ներքին դպրոցական։
Միջ-վարժարանային սոյն մրցումի վեցերորդ կարգի ընդհանուր դասաւորումին ԱԿ Մինասեան վարժարանի վեցերորդ կարգէն Պէթի Մարգարեան հանդիսացած է առաջին, իսկ ներքին դասաւորումին մէջ՝ Արազ Մատէնլեան եւ Մէրի Տիշոյեան գրաւած են յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ տեղերը։
Այս արդիւնքները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, թէ ԱԿ Մինասեան վարժարանի ուսուցչական կազմը լուրջ եւ բծախնդիր կ՛ուսուցանէ հայերէն լեզուն եւ կը քաջալերէ աշակերտներու գրական տաղանդը իսկ աշակերտներն ալ իրենց կարգին կ՛արդարացնեն ի գործ դրուած ճիգը։