ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 8ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մէջ իրականացած է Հայաստանի գործադիր իշխանութեան մարմիններու արտաքին կապերու եւ միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու պաշտօնեաներու համար հանդիպում մը, որ կրած է «ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններ եւ ընթացիկ հարցեր» խորագիրը:
Հանդիպումը բացած է ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը՝ ներկայացնելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները։
Ան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարած է պետական իշխանութեան մարմիններուն կողմէ իրականացուող արտաքին կապերու եւ միջազգային համագործակցութեան համակարգումը՝ իբրեւ նախագահի կողմէ իրականացուող միասնական արտաքին քաղաքականութեան ապահովման գրաւական:
Հանդիպման հիմնական նպատակը եղած է գործադիր իշխանութեան մարմինները իրազեկ դարձնել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասին:
Զեկոյցներով հանդէս եկած են ԱԳ նախարարի տեղակալներ Արման Կիրակոսեան, Շաւարշ Քոչարեան, Կարինէ Ղազինեան եւ նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Շահէն Աւագեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.