ԹԵՀՐԱՆ.- «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ թաքնուած ՔԱԿի ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը՝ քրտական հարցի կարգաւորման մէջ որեւէ քայլ չառնելուն համար, նաեւ Էրտողանը մեղադրած է նոր բախումներ սկսելուն համար։
Քարայըլան յիշեցուցած է, որ իրենք արդէն մէկ ամիսէ ի վեր չեղեալ յայտարարած են միակողմանի զինադադարը, որովհետեւ թրքական իշխանութիւնները քրտական հարցը կարգաւորելու կամք չեն ցուցաբերեր։ Ըստ անոր, թրքական իշխանութիւնները քրտական հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ որոշ յայտարարութիւններ ըրին, սակայն անոնք ընդամէնը խորամանկութիւններ էին։
«Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարման այդ սկզբունքը շատ պարզէ։ Անոնք երբեք չեն ալ պատրաստուած որեւէ խնդիր լուծելու, այլ շարժած են ըստ օրակարգի», նշած է Քարայըլան:
Ան քննադատեց նաեւ Էրտողանի եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի այցելութիւնները՝ ՔԱԿի կողմէ յարձակումի ենթարկուած թրքական զօրամասի դիրքեր, նշելով, որ խնդիրին կարգաւորումը դիրքերուն վրայ չէ, այլ՝ քաղաքական հարթութեան, խորհրդարանին եւ Սահմանադրական բարեփոխումներուն մէջ։
«Ներկայ բախումներու փուլին մէջ յայտնուելու մեղքը ամբողջովին կ՛իյնայ թրքական իշխանութիւններու ուսերուն։ Մենք միակողմանի յայտարարեցինք զինադադար, սակայն տեսանք, որ նոյնիսկ չնչին յոյս մը չկայ, թէ իշխանութիւնները կ՛ուզեն լուծել քրտական հարցը։ Եւ մենք ստիպուած եղանք դիմել քայլերու, որպէսզի կարենանք օրակարգ բերել մեր խնդիրները», նշած է Մուրատ Քարայըլան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.