ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ մէջ, Յուլիս 1էն 4, տեղի ունեցաւ Եւրոպական ընկերային Ֆորումը, որուն մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ երկիրներէ համախմբուած ներկայացուցչութիւններ:
Կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն յատկացուած տաղաւարներու մուտքին զետեղուած էր Հրանդ Տինքի յիշատակը յարգող մեծադիր պաստառ մը, որուն վրայ արձանագրուած էր «Հրանդին համար, արդարութեան համար»՝ Հրանդի բարեկամներու ստորագրութեամբ: Նոյն լօզունգով թռուցիկներ պատրաստուած էին եւ կը բաժնուէին ժողովուրդին:
Շաբաթ օր երեկոյեան, կազմակերպուեցաւ Ֆորումի քայլարշաւը՝ 5000-7000 հոգիի մասնակցութեամբ, որ խորհրդանշականօրէն ճամբայ ելաւ «Ակօս»ի խմբագրութեան առջեւէն: Ֆորումի աշխատանքներուն, յունական կազմակերպութիւններու ներկայութիւնը զգալի էր. ներկայ գտնուեցաւ «Սիրիզա» կուսակցութեան նախագահ Ալեքսիս Ցիփրաս, ինչպէս նաեւ 300ի մօտ յոյն մասնակիցներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.