ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2010ի յետմիջօրէին, մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի ամավերջի հանդէսն էր։ Խուռներամ բազմութիւն մը լեցուած էր Փասատինայի Ա. Նազովրեցի եկեղեցւոյ «Լի» մատուռը։ Ծնողներ, մեծ հայրեր, մեծ մայրեր եւ հարազատներ եկած էին վայելելու արգասիքը իրենց զաւակներու տարուան մը աշխատանքին։
Հաճելի էր տեսնել մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք ուղղուեցան սրահ, բարձրացան բեմ եւ իրենց մանկական անուշիկ շրթներով կատարեցին դրօշակներու արարողութիւնը, Ուխտ Աստուածաշունչի աղօթքը, բարեգալուստի խօսքերը, նաեւ արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը։
Մանկամսուրի սրտի խօսքը փոխանցեց Ազնիւ Թոմոճեանը, որմէ ետք Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտները կատարեցին դասարանային արտասանութիւններ, որոնց յաջորդեց Ծաղիկներու հայկական հեզաճկուն պարը. անոնք եռանդով պարեցին՝ աշխուժացնելով ներկաները։ Ապա ունեցանք մանկամսուրի դասարանային պարերը, երգերն ու արտասանութիւնները՝ իրենց յատկանշական հայկական տարազներով։
Այժմ պահն էր դիմաւորելու մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնք իրենց վկայականաց տարազներով տողանցեցին ու պատրաստ էին ստանալու իրենց դպրոցական առաջին հանգրուանի՝ մանկապարտէզի վկայականը՝ դպրոցիս տնօրէն Շահէ Կարապետեանի ու դաստիարակներ Լուսի Ստեփանեանի եւ Թամար Արոյեանի ձեռամբ, որոնք իրենց կարգին, յայտնեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Վերջապէս աշակերտները կատարեցին հրաժեշտի խօսքն ու երգերը, եւ այդպիսով հրաժեշտ տուին մանկապարտէզին։
Մարալ Պոյաճեան, իբրեւ դաստիարակ յառաջիկայ տարուան, փոքրիկներուն բարեգալուստ մաղթեց դէպի առաջին դասարան։ Տնօրէնը, իր կարգին, յայտնեց իր գոհունակութիւնը՝ գնահատելով փոքրիկներուն գործակցութիւնը. ապա ուսուցիչներուն եւ կամաւոր ծնողներուն աշխատանքն ալ գնահատելով՝ անոնց յանձնեց ծաղկեփունջեր, առ ի շնորհակալութիւն իրենց անձնուէր ոգիին։ Սոնա Պատալեանի առաջնորդութեամբ «Հայր Մեր»ը միասնաբար երգելէ ետք, բաժնուեցանք սրահէն, անցեալի մանկական լաւ յուշերով։
Ուրբաթ, Յունիս 18, 2010ի երեկոյեան, պահն էր վայելելու մեր դպրոցի նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանի աւարտական հանդէսները, Փասատինայի Առաջին Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ։ Սրահին մէջ աշխուժութիւն կը տիրէր, ծնողներ եւ բարեկամներ կ՛ուղղուէին սրահ եւ կը գրաւէին իրենց նշանակուած տեղերը։
Շրջանաւարտներ խրոխտ քայլերով եւ ուրախութեան լի զգացումներով մուտք գործեցին սրահ, եւ բեմ բարձրանալով՝ գրաւեցին իրենց տեղերը։
Դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին Ե. դասարանէն Ներսէս Խազարեան, Թանըթըն Մինասեան եւ Շանթ Թերզեան։ Ապա արտասանուեցան Ամերիկեան եւ Հայկական քայլերգները՝ Թանիա Պաղտասարեանի, Ժոլի Մինասեանի, Էլիզապէթ Ստեփանեանի եւ Արլին Եղիայեանի կատարողութեամբ։ Ազգային քայլերգները երգուեցան Սօսէ Գրիգորեանի, Տէնի Մուրատեանի եւ Սերենա Բելէնկեանի առաջնորդութեամբ։ Ինքնաբուխ աղօթքներ արտասանուեցան Յովիկ Թապագեանի եւ Քրիսթինա Թէճիրեանի կողմէ։
Բարեգալուստի խօսքը ուղղուեցաւ Ը. դասարանէն Սամուէլ Պապիկեանի կողմէ, որուն յաջորդեց Շանթ Գոզագճեանի եւ Էլիաս Աթմէի՝ փողային գործիքներով կատարողութիւնը։
Ե. դասարանի շրջանաւարտները կատարեցին խմբային արտասանութիւն՝ Աւետիք Իսահակեանի «Էյ æան Հայրենիք»ը, առաջնորդութեամբ Սոնա Պատալեանի։ Անոնք կատարեցին նաեւ խմբերգ մը՝ «Անուշ Հայրենիք»ը, ղեկավարութեամբ տէր. եւ տիկ. Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու։ Աշակերտներուն ելոյթը տպաւորիչ էր, իսկ իրենց երակներուն մէջ ակներեւ էր հայրենասիրական ոգին։
Կարգն էր ստանալու նախակրթարանի վկայականները՝ ձեռամբ տնօրէն Շահէ Կարապետեանի եւ դաստիարակ Սօսի Շանլեանի: Խումբ մը աշակերտներ նաեւ արժանացան մրցանակներու՝ տարուան ընթացքին անոնց ցուցաբերած յաջող արդիւնքներուն համար։
Պահն էր բեմ հրաւիրելու միջնակարգի «Սալըթաթորիըն» աշակերտները՝ Ռազմիկ Կարապետ, Գարինա Մահսէրէճեան, Վերոնիքա Նալպանտեան, Թամար Ուզունեան,Քրիսթին Մինասեան, եւ Քրիսթինա Լուսինեան «Վալետիքթորիըն», որոնք հանդէս եկան ուղերձներով՝ յայտնելով իրենց անկեղծ զգացումները։
Վկայականները յանձնուեցան եւ մրցանակներ բաշխուեցան միջնակարգի աշակերտներուն, դպրոցիս տնօրէնին եւ դաստիարակ Լենա Ակիւլեանի ձեռամբ։
Անհամբեր էինք լսելու օրուան բանախօսը՝ Լիւսի Տէր Կարապետեանը, որ հոգեւոր տեսուչ է ամերիկեան զինուորականութեան։
Բանախօսը հակիրճ եւ յստակ կերպով վեր առաւ հաւատքի եւ ազգի կարեւորութիւնը։ Ան մաղթեց, որ շրջանաւարտները լաւ նպատակակէտեր ունենան, եւ շիտակ ուղղութիւններով առաջնորդուելով՝ յաջողութիւններ ձեռք ձգեն։
Արդէն պահը հասած էր ունկնդրելու երկրորդական բաժնի ուղերձները՝ Հուրի Հարպոյեանի, Նուարդ Պայթարեանի («Սալըթաթորիըն») եւ Դալար Քէքիլեանի («Վալետիքթորիըն») կողմէ, որոնք սրտանց արտայայտեցին իրենց խօսքերը՝ թարգմանը հանդիսանալով իրենց դասընկերներուն։
Տնօրէնի եւ դաստիարակ Մկօ Գրիգորեանի կատարողութեամբ յանձնուեցան երկրորդականի վկայականները։ Պատուոյ ցանկի աշակերտները պարգեւատրուեցան եւ մրցանակներով գնահատուեցան։
Տեղւոյն վրայ բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս նախկին տնօրէն Լեւոն Հիլեանը, որպէսզի անձնապէս յանձնէ իր զաւկին՝ Դաւիթի, երկրորդականի վկայականը։
Պարոն Կարապետեան բեմ հրաւիրեց նաեւ Հիլտա Սարգիսեանը, որ իր աղջկան՝ Նաթալիի, անթառամ յիշատակին ֆոնտ մը հաստատած ըլլալով՝ յուզմունքով պարգեւատրեց Դալար Քէքիլեանը։
Տնօրէն Շահէ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցիս բարերարներուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, որոնք տքնաջան աշխատեցան անցեալ տարուան ընթացքին։
Ծաղկեփունջերով գնահատուեցան դաստիարակները եւ երաժշտութեան ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ քարտուղարները եւ կամաւոր աշախատողները։
Հայրերու տօնի նախօրեակին, Սոնա Պատալեան մէջբերում մը կատարելով՝ շնորհաւորեց ներկայ եւ բացակայ բոլոր հայրերը, որոնք մեծ զոհողութիւններով յանձնառու, եկած էին ականատես ըլլալու իրենց զաւակաց յաջողութիւններուն։ Ան յիշեց եւ գնահատեց նաեւ դպրոցիս տնօրէնը, որ հօր մը դերը կատարելով՝ հոգատար եւ հայրական ցուցմունքներով կրցաւ բոլորել այս տարեշրջանը՝ յօգուտ մեր սիրասուն փոքրիկներուն։ Գնահատուեցաւ նաեւ տնօրէնի կողակիցը՝ տիկին Անին, որ ձեւով մը դպրոցիս «շտապ օգնութիւնն» էր։
Հոգաբարձական կազմէն Լուտեր Սվաճեան եւ Նունէ Սէփէթճեան բեմ բարձրանալով՝ նաեւ գնահատեցին տնօրէնին գործունէութիւնը։
Սոնա Պատալեանի առաջնորդութեամբ «Հայր Մեր»ի երգեցողութենէն ետք, վեր. Մանօ Ակիւլեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը, եւ այսպիսով հանդէսը աւարտեցաւ՝ ապագայի նոր տեսլականով, նորանոր յաջողութիւններու ձգտումով ու յոյսերով: