Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, նորվեկիացի Թորպիոռն Եակլանտ, «168 ժամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարին՝ յայտնած է. «Յոյսով եմ, որ (արձանագրութիւններուն) վաւերացման գործընթացը կրնայ վերսկսիլ։ Շատ կարեւոր է, որ կողմերէն ոչ մէկը առաջադրէ արձանագրութիւններուն մէջ չյիշատակուած պայմաններ։ Ես չեմ ուզեր մատնանշել որեւէ կողմ, սակայն կը կարծեմ կարեւոր է, որ երկու կողմերն ալ հաւատարիմ մնան գործընթացին։ Ես քաղաքական գործիչ եմ եւ գիտեմ, որ ատիկա շատ բարդ քաղաքական գործընթաց է։ Սակայն յոյսով եմ, որ կողմերը չեն հրաժարիր գործընթացէն եւ շատ երկար ժամանակով չեն ձգձգեր զայն»։
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ Եւրոխորհուրդի դերակատարութեան կարելիութեան, Եակլանտ յայտնած է. «Մենք չենք կրնար մասնակցիլ բանակցութիւններուն, որովհետեւ այդ իրաւասութեամբ օժտուած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը։ Շատ կարեւոր է, որ բոլորը ընդունին ատիկա։
Կրկնօրինակման որեւէ փորձ կրնայ բարդացնել գործընթացը։ Իսկ եթէ մեզմէ խնդրեն, մենք կրնանք աջակցիլ տարբեր մակարդակներու վրայ կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցման եղանակով»։
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի հաւանականութեան մասին՝ ան յայտնած է, որ «Պատերազմի վերսկսման վտանգը գոյութիւն ունի մինչեւ այն ատեն, որ դեռ վերջնական կարգաւորում չկայ։ Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է խուսափիլ այնպիսի միջադէպերէ, ինչպիսին տեղի ունեցաւ վերջերս։ Որեւէ մագլցում կրնայ դիւրութեամբ վերածուիլ լուրջ տագնապի, եւ կացութիւնը կրնայ հակակշռէ դուրս գալ։ Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ Եւրոխորհուրդին մէջ ընդգրկուելով՝ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը պարտաւորութիւն ստանձնած են հակամարտութիւնը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորելու»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.